
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆի, որուն հետ քննարկեց պաշտպանութեան մարզին մէջ երկկողմանի եւ բազմակողմանի գործակցութեան ներկայ իրավիճակն ու այդ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ կառավարութիւններուն կազմութենէն առաջ որոշուեցաւ ստեղծել ժամանակաւոր յանձնախումբ մը, որ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ ռազմական ոլորտին վերաբերող համաձայնագիրը աշխատանքային կարգով ամբողջականացնէ` զայն հետեւողականօրէն կեանքի կոչելու նպատակով:
Սարրաֆ յաջողութիւն մաղթեց դեսպան Աթաբէկեանին, անոր ստանձնած դիւանագիտական առաքելութեան մէջ` խոստանալով համակողմանի աջակցութիւն հայ-լիբանանեան բարեկամական յարաբերութիւններուն նոր որակ հաղորդելու համար:


