Հիմնուելով վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրապարակած այն շրջաբերականին վրայ, որուն համաձայն Հայկական Ս. Ծննդեան տօնին առիթով պետական հաստատութիւնները եւ վարչութիւնները փակ պիտի մնան երկուշաբթի, 7 յունուար 2019-ին, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ երէկ յայտարարեց, թէ երկուշաբթի, 7 յունուար 2019-ին, պետական եւ սեփական բոլոր դպրոցները փակ պիտի մնան:
Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Համատէ յատուկ շնորհաւորութիւններ յղեց հայ համայնքին` մաղթելով, որ այդ տօնը Լիբանանին ուրախութիւն եւ բարգաւաճում բերէ:


