
Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Անտրէա Թինընթի երէկ յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական անդորրը տիրական է:
«ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերն ու լիբանանեան զինեալ ուժերը միասնաբար կ՛աշխատին պաշտպանելու սահմանային Կապոյտ գիծին կայունութիւնը», ըսաւ ան:
Թինընթի յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ բոլոր կողմերուն հետ կապի մէջ է` արգիլելու համար որեւէ թիւրիմացութիւն, որ կրնայ պատահիլ:
Ան շեշտեց, որ արձանագրուած ոտնձգութիւններուն եւ բացայայտուած գետնափոր փապուղիներուն հարցը կը քննարկուի Նաքուրայի եռակողմանի հանդիպումներուն ընթացքին:
Թինընթի աւելցուց, որ Նաքուրայի նիստերը իրենց տեսակին մէջ միակն են, որոնց ընթացքին կը քննարկուին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան կարեւորութիւնը:


