
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները` նախանցեալ օր վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ ունեցած իր հանդիպումին լոյսին տակ:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Սապունճեան ընդգծեց, որ ներկայ պայմանները կ՛ենթադրեն հանրապետութեան նախագահին շուրջ համախմբուիլ, որպէսզի ան կարենայ դիմակայել Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրները եւ յանձնառու մնալ երկրին կայունութեան:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Թունուզի մէջ Լիբանանի դեսպան Թոնի Ֆրենժիէն: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-թունուզեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ մարտին Թունուզի մէջ գումարուելիք Արաբական լիկայի վեհաժողովին վերաբերող նախապատրաստութիւնները:
Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով նախագահ Աուն շնորհաւորագիրեր ստացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփէն, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինէն եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիէն:


