
Երեսփոխանական ընտրութիւններէն եօթը ամիս ետք լիբանանցին 2018-ն ճամբեց, սակայն տակաւին կառավարութեան նոր կազմը չդիմաւորեց:
Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը համակած դրական բոլոր ալիքները զարնուեցան ժայռերուն ու կոտրուեցան` առանց կարենալ ծովափ հասնելու:
Սակայն 2019-ի առաջին օրէն սկսաւ խօսուիլ դրական նոր ալիքի մը մասին, որուն ճակատագիրը տակաւին յստակ չէ:
Բայց եւ այնպէս տարին կը սկսինք յուսալով, որ այդ ալիքը հեզասահ թաւալքով մը ծովափ հասնի:
Կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները շարունակելու նպատակով վարչապետ Սաատ Հարիրի 1 յունուար 2019-ին ուղղուեցաւ Պաապտա, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ:
Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ ան նախագահ Աունը շնորհաւորած է Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով` աւելցնելով, որ անոր հետ քննարկած է նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
Հանդիպումէն ետք վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ երկիրը նոյն վիճակով չի կրնար շարունակել, եւ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի` լուծելու համար այս հարցը: «Կառչած կը մնանք կառավարութեան կազմութեան, եւ քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է համեստ դառնան իրենց պահանջներուն մէջ», ըսաւ ան:
Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերը կը փափաքին, որ կառավարութիւնը կազմուի` աւելցնելով, որ տակաւին կայ միայն մէկ թնճուկ, որուն հանգուցալուծումը պէտք է ապահովուի:
«Կան շարք մը ծրագիրներ, որոնք պէտք է գործադրուին, իսկ տնտեսական իրավիճակը դժուարութեան մէջ է, սակայն անկարելի չէ անոր լուծում ապահովելը», ըսաւ ան:
Ան մաղթեց, որ կառավարութիւնը կազմուի նախքան Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք տնտեսական վեհաժողովը:
Պասիլի Հետ Հանդիպում

Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը պարտադիր անցք մըն է` երկրին յաջողութեան համար:
«Վարչապետ Հարիրիին ներկայացուցի շարք մը առաջարկներ, եւ ոչ մէկ միջոց կամ միտք պիտի խնայենք ի խնդիր կառավարութեան կազմութեան խոչընդոտող արգելքներուն արդար լուծման», ըսաւ Պասիլ: Ան դրուատեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող շարք մը միտքերը` աւելցնելով, որ ինք յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին քաղաքական տարբեր ուժերուն հետ իր խորհրդակցութիւնները պիտի աշխուժացնէ, ապա պիտի վերադառնայ վարչապետին մօտ քննարկումները շարունակելու:
Նոր Տարուան Գիշերը

Նշենք, որ Նոր տարուան գիշերը վարչապետ Սաատ Հարիրի ուղղուեցաւ Ներքին ապահովութեան ուժերու «Հըլու» զօրանոցը, ուր ստուգեց որդեգրուած Նոր տարուան գիշերուան յատուկ ապահովական միջոցառումները:
Հարիրի շնորհաւորեց զինուորականները եւ ողջունեց երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով անոնց ի գործ դրած ջանքերը:
Հարիրի այցելեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան Թանգարանի կեդրոնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ:
Վարչապետ Հարիրի զօրակցութիւն յայտնեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն` շնորհաւորելով անոնց Նոր տարին:
Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ երբ երկրին մէջ ապահովական կայունութիւն կայ` տնտեսութիւնը շատ լաւ վիճակի մէջ կ՛ըլլայ:
Եարզէի Մէջ

Վարչապետ Հարիրի ուղղուեցաւ նաեւ Եարզէ, ուր դիմաւորուեցաւ պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի կողմէ:
Վարչապետ Հարիրի ստուգեց Կեդրոնական Պէյրութի խրախճանքին մասնակցող քաղաքացիներուն անվտանգութեան համար բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումները:
Հարիրի բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին ջանքերը` հաստատելով, որ բանակը երկրին ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորող կարեւորագոյն հաստատութիւններէն է:


