ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ կոչ ուղղեց Լիբանանի եւ օտար երկիրներուն միջեւ առեւտրական համաձայնագիրները վերստին քննարկելու` նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ դատական հարցեր յարուցեց «Տիար» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շարլ Այուպի դէմ` զինք զգուշացնելով անճիշդ եւ շինծու լուրեր տարածելու հետեւանքներէն:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ ուշ կամ կանուխ պիտի հիմնուի արաբական դրամատուն մը, որուն կեդրոնը պիտի ըլլայ Պէյրութի մէջ: Այս դրամատան հիմնումը երկրին համար միլիառաւոր տոլարներ, ինչպէս նաեւ աշխատանքի հսկայ առիթներ պիտի ապահովէ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտող արգելքը քաղաքական կարգ մը ուժերու կողմէ կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդ գոյացնելու պահանջն է:
ՍԻՒՆՆԻ խորհրդակցական հանդիպումի երեսփոխան Ժիհատ Սամատ շեշտեց, որ կառավարութեան մէջ այս հանդիպումին ներկայացուցչութիւնը սիւննի համայնքին չափաբաժինէն է եւ ոչ թէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կամ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի չափաբաժինէն:
ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի միայն կառավարութիւն կազմելու ընտրանքին դիմաց կը գտնուի: Ան աւելցուց, որ ինք պատերազմ մը չի նախատեսեր, այլ` շրջանին մէջ հաստատուելիք համաձայնութիւն:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը շահագրգռուած են կառավարութեան կազմութեան ելքը դիւրացնելով` յոյս յայտնելով, որ կառավարութիւնը արագ կերպով կազմուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Սլէյման շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի բազմաթիւ զոհողութիւններ կատարած է ի խնդիր կառավարութեան կազմութեան, սակայն կարելի չէ անկէ յաւելեալ զոհողութիւններ ակնկալել:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ անկախ դատական իշխանութիւն գոյութիւն չունի:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը ուղղակիօրէն առնչուած է Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի ճակատագիրին:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ հարց տուաւ, թէ արդեօք կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտներու դիմաց կը գտնուի Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումի՞ն պատճառով, թէ՞ նախարարութիւններու բաժանումին:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն հաստատեց, որ ոմանք կը վախնան փտածութեան դէմ պայքարը սկսելու հանրապետութեան նախագահին յանձնառութենէն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումի անդամներէն մէկը նախարար նշանակելը կառավարութեան աշխատանքներուն մէջ ոչինչ պիտի խոչընդոտէ: Ան շեշտեց, որ 2005-էն ի վեր որդեգրուած քաղաքականութիւնները այսօրուան տնտեսական իրավիճակին պատճառը կը նկատուին, իսկ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրին է կառավարութեան կազմութեան ուշացումին պատճառը:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման թուիթըրեան գրառումով մը նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան նպատակով Փարիզի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումները դրական չեն եղած:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ բարգաւաճման ծրագիրներու Քուէյթի ֆոնտի նախագահ Ապտել Ուահապ Պատըրը, որուն հետ քննարկեց ֆոնտին աշխատանքները բարելաւելու եւ զարգացնելու հեռանկարները:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին նախարար Ռոնի Արայժի:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ գուժեց վաստակաւոր լրագրող եւ գրագէտ Էտմոն Սաապի մահը` հաստատելով, որ լոյսերու դարը կորսուած է` զայն փոխարինելով մենատիրութեան, այլամերժութեան եւ սպանութեան դարով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ եւ անոր կինը` Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ, կիրակի երեկոյեան վերադարձան Պէյրութ, անձնական արձակուրդէ մը ետք:
ՏՆՏԵՍԱԳԷՏ Ուալիտ Ապու Սլէյման հաստատեց, որ կառավարութեան կողմէ որդեգրուելիք սեղմումի որեւէ քաղաքականութեան պարագային աղքատ եւ միջին դասակարգերը պիտի վնասուին:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, հաստատեց, որ այս շաբաթ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին համար վճռորոշ շաբաթ մը պիտի ըլլայ: Նոյն օրաթերթը անծանօթ աղբիւրներու վրայ հիմնուելով գրած է նաեւ, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի միջեւ ուրբաթ գիշեր տեղի ունեցած հանդիպումին արդիւնքը բացասական եղած է:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ կառավարութեան ճակատագիրը ճշդելու ժամը մօտեցած է:


