Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանի դիւանը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի վաղը` չորեքշաբթի, 30 յունուար 2019-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:
Միւս կողմէ, Պըրրի խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 31 յունուար 2019-ին` սերտելու համար սպառողական համագործակցականներու իրաւատէրերուն գումար մը յատկացնելու կարելիութիւնները:



