Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Պահիա Հարիրի երէկ Մատժալիունի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին` ներկայութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Պահիա Հարիրի բարձր գնահատեց Լիբանանի նկատմամբ Սէուտական Արաբիոյ մնայուն զօրակցութիւնը:



