Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի Քֆարտըպիանի «Ինթըրքոնթինենթըլ» պանդոկին մէջ հիւրընկալեց լրագրողներ, մշակութային անձնաւորութիւններ եւ դիւանագէտներ, որոնց շարքին` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քուէյթի դեսպաններ Համատ Սայիտ Շամիսին եւ Ապտել Ալ Քանային, Պէյրութի նահանգապետ, դատախազ Զիատ Շպիպը, Լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Հատի Մահֆուզը, ինչպէս նաեւ լսատեսողական լրատուամիջոցներու պատասխանատուներ, որոնց շարքին էր «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան:
Պուխարիի կազմակերպած «Գաւաթ մը սուրճի շուրջ» կոչուող այս հանդիպումը իր տեսակին մէջ չորրորդն էր, որուն ընթացքին
անդրադարձ կատարուեցաւ չափաւորականութեան տարածումին մէջ լսատեսողական լրատուամիջոցներուն դերակատարութեան:
Հանդիպումին ընթացքին պարգեւատրուեցան ձայնասփիւռի կայաններու վաստակաւոր հաղորդավարներ, որոնց շարքին էին Ժիհատ Աթրաշ, Ռոզ Զամել (ծանօթ` իբրեւ Ուարտէ) եւ Ուատատ Հաժաժ: Յետ մահու մեծարանքի արժանացան նաեւ Շաֆիք Ժատայէլ, Եաման Ախաուի եւ Մոհամետ Քարիմ:
Այս առիթով Պուխարի յայտնեց, որ հանդիպումին նպատակն է երկխօսութիւնն ու խորհրդակցութիւնը ամրապնդել:
Ան բարձր գնահատեց Լիբանանի տեղեկատուութեան մարզին դերակատարութիւնը` շեշտելով, որ թէ՛ լիբանանեան մամուլը, թէ՛ լսատեսողական լրատուամիջոցները արժանի են յարգանքի:
Ապտել Հատի Մահֆուզ իր կարգին յայտնեց, որ լսատեսողական լրատուամիջոցները, որոնք այս օրերուն կ՛ընդգրկեն նաեւ ելեկտրոնային լրատուամիջոցները, հանրային կարծիքին որոշ ուղղութիւն մը կու տան: «Սակայն չափաւորականութեան մշակոյթը կարենալ տարածելու համար, այդ լրատուամիջոցները շարք մը յատկանիշներու կարիք ունին: Այդ յատկանիշներէն են` առարկայականութեան կառչածութիւնը, անկախութիւնը, վստահութիւնը, այլազանութիւնը, հաղորդուած տեղեկութիւններուն ճշգրտութիւնը եւ ստոյգ ու վստահելի աղբիւրէ քաղուած ըլլալու կարեւորութիւնը, չափազանցութիւններէ հեռու մնալը, իսկական եւ հարազատ պատկերի ներկայացումը ունկնդիրներուն եւ դիտողներուն, ներողամտութեան եւ դիմացինը ընդունելու սկզբունքի տարածումն ու երկխօսութեան քաջալերումը, սխալի մը գործուելուն պարագային անոր անդրադառնալը, զայն սրբագրելը եւ նոյն ծուղակին մէջ իյնալէ զգուշանալը, ինչպէս նաեւ քննադատութեան եւ անձնական վիրաւորանքին միջեւ տարբերելու անհրաժեշտութիւնը», յայտնեց Մահֆուզ:
Ան ընդգծեց, որ համայնքային սադրանքներ նախապատրաստող բոլոր արտայայտութիւնները պէտք չէ սփռել, երկրին ընդհանուր վարչակարգը պէտք չէ վիրաւորել, ինչպէս նաեւ պէտք է յանձնառու ըլլալ ազգային գերագոյն շահերուն եւ ընկերութեան մէջ վայրագութիւն չհրահրել:
Մահֆուզ հաստատեց, որ պէտք է նախանձախնդիր ըլլալ տեղեկատուական մարզի ազատութեան` պաշտպանելով օրէնքները, լիբանանեան-արաբական գործակցութիւնը ամրապնդել եւ արաբական տարակարծութիւնները երկխօսութեամբ լուծել:
Մահֆուզ մէջբերելով Իպն Խալտունի խօսքերը ըսաւ, որ զայրոյթով, բարկութեամբ եւ ծայրայեղութեամբ կարելի չէ հայրենիք կերտել: «Հետեւաբար իսլամ չափաւորականութիւնը միակ լուծումն է բոլորը միացնելու եւ երկփեղկումին վերջ տալու իմաստով: Ուրեմն տեղեկատուութեան մարզը այս սկզբունքով պէտք է առաջնորդուի իր գործունէութեան մէջ», ըսաւ ան: