Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի, այցելեց Լիբանանի մէջ Վենեզուելայի դեսպանատուն, ուր Հըզպալլայի եւ անոր ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ողջոյնները փոխանցեց Վենեզուելայի ժողովուրդին եւ անոր ազատ ղեկավարութեան:
Ռաատ խստիւ դատապարտեց Վենեզուելայի ներքին հարցերուն մէջ ամերիկեան միջամտութիւնները` աւելցնելով, որ այդ միջամտութիւնները մարդկութեան պատմութենէն պէտք է ջնջուին այլեւս, որովհետեւ ժողովուրդներու շահերուն վնաս կը հասցնեն:
Ռաատ ընդգծեց, որ ամերիկեան միջամտութիւններուն դէմ Վենեզուելայի ժողովուրդին մօտեցումը փառաւոր կեցուածք է, որուն միայն կարելի է զօրակցիլ:



