Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Ահաբեկչութեան Դէմ Պատերազմը Չէ Աւարտած Եւ Կարիք Ունի Միջազգային Գործակցութեան»

January 31, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարի ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման դէմ պայքարի հարցերով օգնական Մարշըլ Փիլինկսլին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի եւ ներկայութեամբ արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան աշխուժ կերպով իր ներդրումը կը բերէ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումին եւ դրամի լուացումին դէմ մղուած միջազգային պայքարին:

Ան շեշտեց, որ լիբանանեան օրէնքով նման գործունէութիւն ծաւալելը յանցանք, եւ անոր համար սահմանուած են պատիժներ, որոնք կը գործադրուին ելեւմտական միջազգային հաստատութիւններու կողմէ:

Նախագահ Աուն նշեց, որ Լիբանան հիմնած է նաեւ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումին դէմ պայքարելու ազգային խորհուրդ մը, ինչպէս նաեւ դրամի լուացումին դէմ պայքարելու ազգային այլ խորհուրդ մը:

Լիբանան նաեւ պիտի կատարէ օրէնսդրական կարգ մը դասաւորումներ, որոնք համահունչ են ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջազգային օրէնքներուն` յատկապէս երկրին արեւելեան լեռնաշղթային վրայ ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակին իրագործած նուաճումէն ետք:

Նախագահ Աուն Փիլինկսլիին ըսաւ, թէ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը չէ աւարտած եւ անիկա կարիք ունի միջազգային գործակցութեան:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներուն` լիբանանեան բանակին տրամադրուած ամերիկեան զինուորական օժանդակութեան համար` աւելցնելով, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը Լիբանանի տնտեսական ու ապահովական իրավիճակին վրայ իր վատ ազդեցութիւնը ունեցած է, եւ անհրաժեշտ նկատեց, որ Լիբանանի բեռը թեթեւցնելու իմաստով միջազգային ընտանիքը գործակցութիւն ցուցաբերէ:

Իր կարգին, Ժրայսաթի Փիլինկսլիին ներկայացուց տեղեկագիր մը, որուն մէջ արձանագրուած էին ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումին եւ դրամի լուացումին դէմ Լիբանանի իրագործած նուաճումները` նախագահ Աունի իշխանութեան օրով: Ան ընդգծեց, որ նման աշխատանքներ կատարող իւրաքանչիւր դրամատան հաշիւը կը սառեցուի:

Փիլինկսլի ողջունեց Լիբանանի ջանքերը` հաստատելով, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են լիբանանեան պետութեան ելեւմտական հաստատութիւններուն եւ դրամատուներուն հետ գործակցելու` պայքարելու համար ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումին դէմ:

Փիլինկսլի մաղթեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կազմուի եւ կարենայ դիմադրել երկրին դիմագրաւած տնտեսական մարտահրաւէրներուն:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ լիբանանեան պետութեան Հաշուեքննիչ դիւանի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ դատաւոր Ահմետ Համտանի:

Նախագահ Աուն ընդգծեց փտածութեան դէմ պայքարելու առումով Հաշուեքննիչ դիւանին կատարած աշխատանքին կարեւորութիւնը:

Համտան ընդգծեց, որ փտածութեան դէմ պայքարի ուղին պիտի շարունակուի, որքան ճնշումները զօրանան եւ միջամտութիւնները ճիւղաւորուին:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը բարեկարգումի գործողութիւն մըն է, որ երկու տարի առաջ սկսած է եւ յաւելեալ աշխուժութեամբ պիտի շարունակուի:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Կը Շարունակէ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պուխարիի

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.