Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Սերպիոյ երկրագործութեան, անտառներու պահպանման ու ջրային հարստութեան տնօրինումի նախարար Պրանիսլաւ Նետիմովիչն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի երկրագործութեան նախարար Ղազի Զաայթերի եւ Լիբանանի մէջ Սերպիոյ դեսպան Էմիր Էլվիչի:
Հանդիպումին ընթացքին Նետիմովիչ նախագահ Աունին յանձնեց Սերպիա պաշտօնական այցելութեան հրաւէր մը` ուղղուած Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչի կողմէ:
Նետիմովիչ նախագահ Աունին յանձնեց նաեւ Սերպիոյ նախագահին կողմէ նամակ մը, որուն մէջ Վուչիչ շնորհակալութիւն կը յայտնէր Լիբանանի` միշտ իր երկրին գերիշխանութեան` յատկապէս Քոսովոյի հարցով, Սերպիոյ զօրակցելուն համար:
Նամակին մէջ Վուչիչ անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի եւ Սերպիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ տարբեր մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը զարգացնելու կարեւորութիւնը:
Նետիմովիչ յայտնեց, որ Լիբանան կատարած իր այցելութեան նպատակն է երկրագործութեան մարզին վերաբերող փոխըմբռնումի համաձայնագիր մը ստորագրել` երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու եւ յատկապէս Լիբանանի ու Սերպիոյ միջեւ փորձառութիւնները կիսելու նպատակով:
Իր կարգին, նախարար Զաայթեր յայտնեց, որ փոխըմբռնումի համաձայնագիրը կը միտի Լիբանանի եւ Սերպիոյ միջեւ գործակցութիւնը հզօրացնել եւ երկրագործութեան մարզի արտադրութիւնները փոխանակել:
Նախագահ Աուն ողջունեց Նետիմովիչը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր Սերպիա այցելութեան պաշտօնական հրաւէրին համար` խոստանալով այդ այցելութեան մանրամասնութիւնները հետապնդել դիւանագիտական միջոցներով:
Նախագահ Աուն դրուատեց լիբանանեան երկրագործական արտադրութիւնները ներածելու Սերպիոյ որոշումը` մաղթելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուելիք համաձայնագիրը ըլլայ գործակցութեան լաւ սկիզբ մը եւ հետզհետէ զարգանայ:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ երկրագործութեան մարզը լիբանանեան ազգային արդիւնաբերութեան ողնասիւնը կը նկատուի, հետեւաբար երկրագործութեան մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը կը նպաստէ այդ մարզի աշխատանքին ամրապնդումին եւ զարգացումին:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը: Ան քաջալերեց խորհուրդի անդամներուն ջանքերը` հաստատելով, որ ինք քաջ գիտէ խորհուրդին կատարած այդ աշխատանքին դժուարութիւնները:
Նախագահ Աուն նշեց, որ ընտրական օրէնքը տակաւին կը կրէ որոշ թոյլ կէտեր, որոնք պէտք է սրբագրուին` ընդգծելով սակայն համամասնական դրութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:
Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ փտածութեան դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ այդ պայքարը կ՛ենթադրէ դատախազներու գոյութիւնը, որոնք պէտք է դիմադրեն իրենց վրայ բանեցուող քաղաքական ճնշումին:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք դատախազներուն պողպատեայ անձեռնմխելիութիւն կ՛ապահովէ, զանոնք քաղաքական ճնշումներէն հեռու պահելու համար` աւելցնելով սակայն, որ եթէ անոնք նման ճնշումներու կ՛ենթարկուին, ապա միայն իրենք են պատասխանատուները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ մարոնի համայնքի Սայտայի առաջնորդ Մարուն Ամար եպիսկոպոսը եւ Հզօր Լիբանան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Զիատ Ասուատ:



