ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու մարզը կազմակերպուած եւ օրինական կերպով չի գործեր` հաստատելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն բոլորին հետ կազմակերպելու համար այդ մարզը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող խորհրդակցութիւնները ձախողելու պարագային իրենք պիտի ուղղուին փողոց: Ան յոյս յայտնեց, որ քանի մը օրէն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դրական արդիւնքներով կ՛աւարտի:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի անդամ, երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ որդեգրուած համայնքային քաղաքականութիւնը առիթ չի տար համաձայնութիւն գոյացնելու:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն յայտնեց, որ իրենք լաւատես են եւ կը յուսան, որ վճռորոշ այս շաբաթը դրականօրէն աւարտի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը շատ երկար տեւած է` աւելցնելով, որ անկարելի է խորհրդարանի աշխատանքները այսքան երկար տեւողութեան համար արգելակել:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի անդամ, երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան ցաւ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը այսքան կ՛ուշանայ եւ պատճառ կը դառնայ պետական գանձարկղին սպառումին եւ քաղաքացիներու բեռի ծանրացումին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Խաուաժա շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի խոչընդոտումը ներքին պատճառներու կը վերաբերի, իսկ կառավարութեան կազմութեան որոշումը միջազգային որոշում չէ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերը կը հաստատեն, որ պիտի անուանեն կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտող կողմերը, «սակայն փաստօրէն անոնք բոլորը կ՛արգելակեն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը», ըսաւ ան:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի խորհրդատու Խալտուն Շերիֆ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը քաղաքական անձնասպանութիւն է` ընդգծելով, որ Հարիրի նման քայլի պիտի չդիմէ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Պէյրութի նահանգապետ, դատախազ Զիատ Շպիպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Պէյրութի վերաբերող հարցեր:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը անհաւանական է` աւելցնելով, որ հրաժարիլը աւելի վտանգաւոր է, քան կառավարութիւն չունենալը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին յայտնեց, որ լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը կայուն է` աւելցնելով, որ Լիբանանի տնտեսութիւնը կրնայ 8 առ հարիւրի աճ արձանագրել:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնը սրբագրելու յանձնախումբ մը կազմուած է: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ այս շաբաթ կառավարութեան կազմութեան իմաստով վճռորոշ է, եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի իր ճիգերը պիտի շարունակէ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը անպայման անոր վերանշանակումին համազօր չէ: