Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսա Կը Հերքէ Լիբանանեան Բանակին Կատարուելիք Զինուորական Օժանդակութիւնները Կասեցնելու Լուրերը

January 31, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց եւ Եւրոպայի հարցերու նախարարութիւնը հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Ֆրանսա Իսրայէլէն խնդրած է Լիբանանի դէմ զինուորական իր գործողութիւնները չսկսիլ` նախքան Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը` հաստատելով, որ անոնք իսրայէլեան մամուլին մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած անճիշդ տեղեկութիւններ են:

Նախարարութիւնը հերքեց նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիանի վերաբերող այն յայտարարութիւնները, թէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն պիտի ջնջէ Լիբանան կատարելիք իր այցելութիւնը եւ թէ Փարիզ պիտի կասեցնէ լիբանանեան բանակին կատարուելիք զինուորական օժանդակութիւնները:

Նախարարութիւնը շեշտեց, որ Լիբանան արժանի է Ֆրանսայի յատուկ յանձնառութեան եւ գուրգուրանքին` յոյս յայտնելով, որ Լիբանանի մէջ նոր կառավարութիւնը կարելի ըլլայ կազմել ամէնէն մօտիկ ժամանակաշրջանին:

Նախարարութիւնը ընդգծեց, որ նոր կառավարութեան կազմութիւնը կարեւոր է Լիբանանի գերիշխանութեան եւ ապահովական կայունութեան համար` նկատի ունենալով շրջանային իրադարձութիւնները:

Նախարարութիւնը մաղթեց նաեւ, որ լիբանանեան իշխանութիւնները յանձնառու մնան «Սետր»-ի տնտեսական եւ «Հռոմ 2» զինուորական օժանդակութեան խորհրդաժողովներուն ընթացքին տրուած բարեկարգումի իրենց խոստումներուն գործադրութեան:

«Ֆրանսա կատարեալ նախանձախնդրութեամբ պիտի շարունակէ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կատարուելիք զինուորական օժանդակութիւնները», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ եւ կոչ ուղղուեցաւ գործադրելու Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերը:

Նախարարութիւնը դրուատեց Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գործունէութիւնը` սահմանային Կապոյտ գիծի խաղաղութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Իտալիոյ Վարչապետը Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին Կ՛այցելէ Պէյրութ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.