Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Մասին Լաւատեսութիւնը Կը Հասնի Իր Գագաթնակէտին

Յունուար 30, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբթուան սկիզբէն հնչած յայտարարութիւնները, թէ այս շաբաթը վճռորոշ պիտի ըլլայ կառավարութեան կազմութեան համար` ըլլայ ան դրական թէ ժխտական, իրենց գագաթնակէտին հասան երէկ երեկոյեան, երբ Մուսթաքպալ պլոքն ու Հզօր Լիբանան համախմբումը իրենց շաբաթական ընթացիկ նիստերէն ետք հաստատեցին այս շաբթուան վճռորոշ ըլլալը` մեծ յոյսեր յայտնելով, որ անիկա կրնայ դրական ըլլալ:

Մուսթաքպալ պլոքի եւ Հզօր Լիբանան համախմբումի նիստերէն ետք վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին շարունակեցին քննարկել Փարիզի մէջ շաբաթավերջին իրենց ունեցած հանդիպումին մանրամասնութիւնները, որոնք մնացած էին անյստակ, թէ՛ նախարարութիւններու բաշխումին եւ թէ՛ կառավարութեան մէջ Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումի ներկայացուցիչին իմաստով:

Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ նաեւ, որ հանդիպում մը տեղի ունեցած է Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումին եւ Հըզպալլայի միջեւ:

Օրը աւարտեցաւ այնքան դրական եզրակացութեամբ, որ կարգ մը լրատուամիջոցներ հաղորդեցին հետեւեալը. «Եթէ կառավարութիւնը այսօր չկազմուի, ապա հաստատ վաղը պիտի կազմուի»: Յուսալով, որ օրուան աւարտին տիրող դրական մթնոլորտը կը յամենայ եւ երկար սպասուած կառավարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարուի:

Մուսթաքպալ Պլոքի Նիստին Ընթացքին Կառավարութեան Կազմութեան Գծով Շօշափելի Լաւատեսութիւն Արձանագրուեցաւ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ ինք զգուշաւոր լաւատեսութիւն մը կ՛ապրի, որովհետեւ կառավարութեան կազմութեան մթնոլորտը դարձեալ դրական է, իսկ յառաջիկայ 48 ժամերուն ամէն բան աւելի յստակ կը դառնայ:

Վարչապետ Հարիրի վերահաստատեց, որ այս շաբաթը վճռորոշ է` ըլլայ ան դրական թէ բացասական առումներով:

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի դարձեալ խոչընդոտներու ենթարկուելուն պարագային Հարիրի մերժեց իր ընտրանքները բացայայտել:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ սուրիական վարչակարգը Մուսթաքպալ հոսանքը զետեղած է ահաբեկչութեան ցանկին վրայ, Հարիրի ըսաւ. «Անիկա պատուոյ ցանկ է, որովհետեւ սուրիական վարչակարգը ինքնին ահաբեկչական է»:

Նիստէն ետք, Մուսթաքպալ պլոքի անդամ երեսփոխան Նազիհ Նաժըմ յայտնեց, որ պլոքը քննարկած է լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:

Ան շեշտեց, որ այս շաբաթը վճռորոշ շաբաթն է, որմէ պիտի ուղղուին դէպի այլ փուլ: «Կը մաղթենք, որ յաջորդ փուլին անցումը կատարուի նոր կառավարութեան յայտարարութեամբ, որովհետեւ վարչապետ Հարիրի ստանձնած է իր սահմանադրական պատասխանատուութիւնը եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ տեսակէտներու մերձեցում կատարած», ըսաւ ան:

Հզօր Լիբանան Համախմբումի Ընթացիկ Նիստ

Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ Միրնա Շալուհիի իր կեդրոնին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:

Հանդիպումէն ետք ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ  յայտնեց, որ համախմբումը կը մաղթէ այս շաբթուան ընթացքին կառավարութեան կազմութիւնը վկայել` հաստատելով, որ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները ընթացած են արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի նախաձեռնութեան հիման վրայ` նկատի ունենալով քաղաքական ուժերուն ճշգրիտ ներկայացուցչութեան չափաբաժինը:

Ապի Խալիլ շեշտեց, որ հիմնուելով քաղաքական ուժերուն ճշգրիտ չափաբաժինով ներկայացուցչութեան, ինչպէս նաեւ փոխադարձ զիջումներուն վրայ, կարելի է լաւատես ըլլալ կառավարութեան կազմութեամբ: «Իսկ եթէ կատարուած այս ամբողջ աշխատանքէն ետք կառավարութիւնը կարելի չըլլայ կազմել, ապա յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին մենք այլ կեցուածք պիտի դրսեւորենք, որովհետեւ յստակ պիտի դառնայ, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտելու միտումներ գոյութիւն ունին», ըսաւ ան:

Ապի Խալիլ շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն թէ՛ խորհրդարանական եւ թէ՛ կառավարական մակարդակի վրայ աշխատանքի արգելակումը եւ կը զօրակցին սահմանադրութեան հովանիին տակ ընթացող խորհրդարանական աշխատանքին, որպէսզի կարելի ըլլայ երաշխաւորել պետութեան եւ պետական կառոյցներուն աշխատանքին հետեւողականութիւնը:

Ապի Խալիլ յայտնեց նաեւ, որ համախմբումի նիստին ընթացքին փտածութեան դէմ պայքարը լուրջ քննարկումի նիւթ դարձած է` աւելցնելով, որ արդարութեան, տնտեսութեան, ուժանիւթի եւ ներքին գործոց նախարարութիւնները հսկայ ջանքեր ի գործ կը դնեն փտածութեան դէմ պայքարելու նպատակով:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «ՄԱԿ-ի Հետ Գործակցութիւնը Միացեալ Սկզբունքներու Ծառայութիւն Է»

Յաջորդը

Անարգ Յարձակում Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հայկական Դպրոցներու Վրայ

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?