Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան Թանգարանի կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական օգնական Իան Քուպիչը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցաւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի կարեւորութիւնը` Լիբանանի տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական կացութիւնը հակակշիռի տակ պահելու իմաստով: