Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իր Արգելարանին Մէջ Հասսան Տիքայի Մահը` Դուռ Կը Բանայ Ամբաստանութիւններու Եւ Հետաքննութեան

May 13, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ խստիւ դատապարտեց արգելափակեալ Հասսան Թաուֆիք Տիքայի սպանութիւնը բանտին մէջ:

Ուահապ նշեց, որ Տիքա արգելարանին մէջ բուռն խոշտանգումի ենթարկուած էր եւ սպաննուած:

Այս մասին բողոքեց նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը, որ դատապարտեց Հասսան Տիքայի սպանութիւնը` ընդգծելով, թէ ի՛նչ որ պատահեցաւ վտանգաւոր նախընթաց մը կը նկատուի եւ պետութեան կողմէ արագ քայլեր կ՛ենթադրէ:

Արդարութեան նախարար Ալպեր Սարհան թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն ցաւ յայտնեց Տիքայի մահուան առիթով` խոստանալով այդ հարցի լուծման առումով բոլոր հետաքննութիւնները կատարել:

Ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան ցաւ յայտնեց Հասսան Տիքայի մահուան սուգին առիթով եւ կոչ ուղղեց բոլորին` չաճապարելու իրենց ամբաստանութիւններու մէջ:

Ան հաստատեց, որ պէտք չէ վճիռներ արձակել, այլ պէտք է առիթ տալ, որ հետաքննութիւնը իր բնական ընթացքը առնէ:

Նշենք, որ երեկոյեան Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Հասսան Տիքայի ձերբակալման թուականին եւ մինչեւ անոր արգելափակումը ընթացած օրինական հոլովոյթին:

Հաղորդագրութիւնը աւելցուց, որ Հասսան Տիքա 5 նոյեմբեր 2018-էն սկսեալ հարցաքննութեան չէ ենթարկուած:

Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Տիքայի մահուան ստոյգ լուրը փոխանցող բժիշկին տրամադրած տեղեկագիրին մէջ ոչինչ նշուած է Հասսան Տիքայի մարմինին վրայ խոշտանգումի հետքերու գոյութեան մասին:

Հաղորդագրութիւնը աւելցուց, որ այս մասին ընդհանուր դատախազութիւնը հետաքննութիւն բացած է` ճշդելու համար Տիքայի մահուան պատճառները: «Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը պատրաստ է ամբողջական պատասխանատուութիւն ստանձնելու` հետաքննութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ: Ի միջի այլոց, ան կոչ կ՛ուղղէ քաղաքացիներուն` առանց շօշափելի տուեալներու, նման ամբաստանութիւններ չարձակելու», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Տաւուշի Մարզպետը Այցելեց Լիբանան

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Երէկ Ուշ Գիշերին Շարունակեց Քննարկել 2019-Ի Պետական Ամավարկը

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.