Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան 8 մայիսին այցելեց Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Իթանիի:
Հանդիպումին ընթացքին Իթանի գոհունակութեամբ ընդգծեց երկու մայրաքաղաքներուն` Պէյրութի եւ Երեւանի միջեւ երկու տասնամեակէ աւելի առկայ համագործակցութիւնը, կատարուած աշխատանքներն ու առկայ հեռանկարային ծրագիրները:
Պէյրութի քաղաքապետը բարձր գնահատեց լիբանանահայութեան դերակատարութիւնը` քաղաքի զարգացման աշխատանքին առումով:
Դեսպան Աթաբէկեան եւ Իթանի միտքեր փոխանակեցին համագործակցութիւնը ընդլայնելու եւ փոխադարձ այցելութիւններ կազմակերպելու վերաբերեալ:
Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Պեքաայի Նահանգապետարան
Դեսպան Աթաբէկեան 2 մայիսին այցելեց Պեքաա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ շրջանի նահանգապետ Քամալ Ապու Ժաուտէի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին դեսպանը նահանգապետին ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ենթակառուցուածքներու զարգացման ուղղութեամբ իրականացուող հեռանկարային ծրագիրները:
Դեսպան Աթաբէկեան եւ Ապու Ժաուտէ միտքեր փոխանակեցին հայ-լիբանանեան ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան զարգացումը ընդլայնելու հեռանկարին շուրջ: