Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Տեղեկութիւններու Սպրդումներուն Վերջ Պիտի Տանք»

Մայիս 14, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ նախագահեց դիւանագիտական նոր անձնակազմի երդման արարողութեան պաշտօնական հանդիսութեան, որուն ընթացքին ան յայտարարեց, թէ դիւանագիտական անձնակազմին մաս կազմելու նպատակով կատարուած քննութիւններուն յաջողութիւն արձանագրած թեկնածուներուն 70 առ հարիւրը իգական սեռին կը պատկանի:

Ան շեշտեց, որ նոր դիւանագէտներուն դերակատարութիւնը կարեւոր է եւ անիկա հիմնուած պիտի ըլլայ արտաքին գործոց նախարարութեան ցուցմունքներուն վրայ` նկատի ունենալով, որ անիկա կը ներկայացնէ երկրին պետական քաղաքականութիւնը: «Ձեր պատկանելիութիւնը պէտք է Լիբանանին ըլլայ եւ ոչ թէ անձնաւորութեան մը, քաղաքական ուժի մը կամ համայնքի մը», շեշտեց ան:

Պասիլ նշեց, որ 2014-ին արտաքին գործոց նախարարութիւնը ստանձնելէն ի վեր ինք բացայայտած է, թէ տեղեկութիւններու սպրդումներու հարց մը կայ: Ան ընդգծեց, որ այդ հարցին վերջ պէտք է դրուի` աւելցնելով, որ ինք երկրին դատական իշխանութիւններուն յղած է գիր մը, որուն մէջ արտօնած է արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ գործող ոեւէ պաշտօնեայ հարցաքննել:

Պասիլ նշեց, որ իր որոշումով նախարարութեան պաշտօնեաները անձեռնմխելիութենէ զերծ կը մնան, սկսեալ իր գրասենեակին տնօրէնէն, նախարարութեան ընդհանուր քարտուղարէն եւ քաղաքական հարցերու տնօրէնէն, մինչեւ ամէնէն սովորական պաշտօնեան:

Ան նշեց, որ ինք հանդիպում մը ունեցած է նախարարութեան պաշտօնեաներուն հետ եւ ներում հայցած անոնցմէ, որովհետեւ ստիպուած եղած է նման որոշումի դիմել:

Նախորդը

Պըրրի Ապպաս Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Թուրքիոյ Դեսպանը Այցելեց Այտամուն-Շիխլար Գիւղաքաղաքը

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?