Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Պետական Ամավարկի Քննարկումի Շրջագիծին Մէջ Տուաւ Շարք Մը Որոշումներ. Յաջորդ Նիստը` Կիրակի Երեկոյեան

May 11, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ շարունակեց գումարել 2019-ի պետական ամավարկի քննարկման իր ընթացիկ նիստերը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Իններորդ նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ կառավարութիւնը պետական ամավարկի քննարկման իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ կիրակի երեկոյեան ժամը 9:00-ին:

Ժարրահ յայտնեց նաեւ, որ կառավարութիւնը դրամատնային աւանդներուն վերաբերող տոկոսային համեմատութիւնը կը բարձրացնէ 7-10 առ հարիւրի` երեք տարուան համար:

Ժարրահ շեշտեց, որ կառավարութիւնը բարձրացուցած է զինուորական կառոյցներուն մէջ հանգստեան կոչուելու տարիքը, այսինքն` անհատը ծառայութենէն 23 տարի ետք հանգստեան կը կոչուի, 18 տարուան ծառայութեան փոխարէն:

Ան յայտնեց նաեւ, որ կառավարութիւնը որոշած է պետութեան կողմէ տրուած կրթական մարզի նիւթական օժանդակութիւնները 15 առ հարիւրով նուազեցնել, բացի այն աշակերտներէն, որոնց ծնողները Պետական պաշտօնեաներու համագործակցականին անդամներ են:

Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի երէկ կէսօրէ առաջ հանդիպում մը ունեցաւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարի հետ, որուն հետ քննարկեց աշխատաւորներուն դիմագրաւած ծանր պայմանները, ինչպէս նաեւ աշխատաւորներուն մասին պետական ամավարկին մէջ նկատի առնուելիք որոշ կէտերն ու պայմանները:

Վարչապետ Հարիրի նախքան նիստին գումարումը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապի եւ ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նախարարներուն կողմէ ներկայացուած առաջարկները` հանգստեան կոչուած զինուորականներու աշխատավարձերուն եւ հատուցումներուն վերաբերեալ:

Միւս կողմէ, երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին հանգստեան կոչուած զինուորականները Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ բողոքի ցոյցեր կատարեցին եւ անիւներ հրկիզեցին` պահանջելով 2019-ի պետական ամավարկին մէջ իրենց իրաւունքներուն վերաբերող կէտերը ջնջել:

Հանգստեան կոչուած զինուորականներու աշխատանքները համակարգող խորհուրդը շեշտեց, որ երկուշաբթի օր ամբողջ Լիբանանի տարածքին բողոքի ցոյցեր պիտի կատարեն, եւ կոչ ուղղեց բոլորին ընդհանուր գործադուլ կատարելու:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Իր Այցելուներուն Հետ Քննարկեց Քաղաքական, Դիւանագիտական, Տնտեսական, Կրթական Եւ Պետական Ամավարկին Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Պէյրութի Քաղաքապետը Բարձր Գնահատեց Լիբանանահայութեան Դերակատարութիւնը` Քաղաքի Զարգացման Աշխատանքին Առումով

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.