Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, նաեւ` 2019-ի պետական ամավարկին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ վաւերացուելիք պետական ամավարկը պիտի ըլլայ սեղմումներով եւ կրճատումներով լեցուն լուրջ ամավարկ մը:
Ան հաստատեց, որ իրենք կը գործակցին դուրս գալու համար այնպիսի կացութենէ մը, որ լիբանանցիները փրկուին: «Համախմբուած կերպով աշխատելու այս մօտեցումին ու եղանակին ականատես կ՛ըլլանք կառավարութեան նիստին ընթացքին», հաստատեց ան:
Պասիլ նշեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է նաեւ ծովային սահմանագծումին վերաբերող հարցեր: «Այս իմաստով նաեւ համախոհութիւն եւ համագործակցութիւն կայ, իսկ Իսրայէլ այնքան անզօր է, որ չի կրնար իր ձեռքը երկարել մեր բնական հարստութեան», հաստատեց ան:
Պասիլ նշեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է անյայտ կորսուած իմամ սէյիտ Մուսա Սատըրի թղթածրարը իբրեւ լիբանանեան պետութիւն հետապնդելու հնարաւորութիւնները` նկատի ունենալով, որ ան ազգային խորհրդանիշ է, եւ լիբանանեան պետութիւնը շահագրգռուած է այդ թղթածրարին հետապնդումով:
Պասիլ մաղթեց, որ կարելի ըլլայ ներլիբանանեան համաձայնութիւնները ամրապնդել, որովհետեւ Լիբանանին սպառնացող արտաքին վտանգները, որոնցմէ է Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը, սուր կերպով ցցուած են երկրին դէմ:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ ելեւմտական հարցերու եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Քանաան շեշտեց, որ ինք եւ Պըրրի համաձայն գտնուած են այն տեսակէտին շուրջ, որ եթէ մսխումի եւ փտածութեան որոշ թղթածրարներ ամենայն մանրամասնութեամբ` թիւերով եւ հաշիւներով կարելի չըլլայ բացայայտել, ապա ոչ ոք պիտի հաւատայ, որ երկիրը բարեկարգումի ճիշդ ընթացքին մէջ է, եւ ոչ ոք պիտի վստահի լիբանանեան պետութեան:
Քանաան նշեց, որ փտածութեան դէմ պայքարի իմաստով ամէն ջանք ի գործ կը դրուի, որպէսզի կարելի ըլլայ մինչեւ վերջ հասցնել այդ պայքարը` աւելցնելով, թէ Պըրրի իր ցուցմունքները տուած է, որ այդ պայքարի ճամբուն վրայ քաղաքական ոչ մէկ միջամտութիւն կատարուի:
Անդրադառնալով պետական ամավարկին` Քանաան շեշտեց, որ խորհրդարանը կը սպասէ զայն վաւերացնելու նպատակով` աւելցնելով, որ պետական ամավարկը բարեկարգումի համազօր է, իսկ կառուցուածքի բարեկարգումը ամէնէն կարեւորն է:
«Բարեկարգումը նաեւ այն է, որ բոլորս սկսինք յարգել ծախսելու օրէնքները: Անկարելի է, որ ներկայիս տիրող ընթացքը շարունակուի», հաստատեց ան:
Քանաան դիտել տուաւ նաեւ, որ պէտք է գործել ելեւմտական եւ տնտեսական այնպիսի քաղաքականութեամբ, որ կարելի ըլլայ մսխումը կասեցնել եւ քննչական աշխատանքը բարելաւել:
Նշենք, որ Պըրրի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին ընդգծեց, թէ կառավարութիւնը 2019-ի պետական ամավարկին մէջ երկրին ծախսերը 9 առ հարիւր համեմատութեամբ սեղմելէ ետք զայն պէտք է փոխանցէ խորհրդարանին: