Նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ երէկ յայտնեց, որ երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին եւ երեկոյեան իր բնակարանը ենթարկուած է ուղղակի կրակոցներու:
Ան այդ դէպքերուն մեղսակցելու յանցանքով ամբաստանեց Պըտնայէլի քաղաքապետ Ալի Ժաուատ Սլէյմանը:
Եաագուպ հաստատեց, որ իր բնակարանին դէմ յարձակողներուն պատճառաբանութիւնը հողի հարց է, «սակայն ինչպէս բոլոր յարձակումները, ատիկա եւս մաս կը կազմէ զիս ձերբակալելու եւ սպաննելու փորձերուն», ըսաւ ան:
Ան նշեց, որ իր բնակարանին դէմ ուղղակի կրակոցներուն պատճառով վիրաւորուած է զաւակը:



