Մուսթաքպալ պլոքը երէկ կէսօրէ ետք գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի:
Նիստէն ետք պլոքը կոչ ուղղեց վաւերացնելու երկրին դիմագրաւած ելեւմտական եւ տնտեսական մարտահրաւէրներուն մակարդակով պետական ամավարկ մը:
Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ պլոքը հաստատեց, որ վարչապետարանն ու պետական եւ սահմանադրական բոլոր հաստատութիւնները վայրեր չեն, ուր կարելի է ներխուժել:
Այս շրջագիծին մէջ Մուսթաքպալ պլոքը խստիւ դատապարտեց հանգստեան կոչուած զինուորականներուն կողմէ վարչապետարան ներխուժելու անցեալ երկուշաբթի օրուան փորձերը:
Մուսթաքպալ պլոքը դատապարտեց նաեւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարի կատարած վարկաբեկիչ յայտարարութիւնը` Սֆէյր պատրիարքի հասցէին, սակայն խնդրեց համադաշնակցութեան տարիներու աշխատանքը չնսեմացնել անոր նախագահին կատարած բարոյական անձնական սայթաքումին պատճառով:
Ան կոչ ուղղեց սենտիքայական եւ աշխատաւորական շարժումը չքաղաքականացնելու:



