Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Համասի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Համասի արաբական եւ իսլամական յարաբերութիւններու գրասենեակի նախագահ Իզզաթ Ռաշըքի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան պաղեստինեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Պաղեստինեան դիմադրութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Խորհրդարանի նախագահն ու Համասի պատուիրակութիւնը ընդգծեցին Պաղեստինեան դիմադրութեան միասնականութեան անհրաժեշտութիւնն ու Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման մերժումը:



