Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 22, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Համատ Սուէյտ Շամին, որմէ ստացաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու շէյխ Խալիֆա պըն Զայէտ Ալ Նահիանի ցաւակցագիրը:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց երկրին իշխանութիւններուն աշխատանքի առիթներ տրամադրելու լիբանանցի երիտասարդութեան եւ վերջ տալու անգործութեան:

ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ եւ ներդրումի նախարար Ատել Աֆիունի շեշտեց, որ իրենք հետաքրքրուած են Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարելու իմաստով չինական սեփական մարզը քաջալերելու աշխատանքով:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան գործավար Պենճըմին Ուեսթնէյճը` ընկերակցութեամբ դեսպանատան քաղաքական խորհրդատու Ֆատի Մաուշիի: Հանդիպումին ընթացքին Աուն շեշտեց սուրիացի տեղահանուածներուն տրամադրուելիք գումարներուն փոխարէն անոնց տունդարձին նպաստելու կարեւորութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ ներկայիս կը փափաքին Իրանի հետ հակադրութիւնը սահմանափակել Իրանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ շեշտեց, որ կառավարութեան նիստերուն ընթացքին բառին բուն իմաստով դրական փոփոխութիւններ որդեգրուած են:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ շեշտեց, որ իրենք պատասխանատու են պետական ամավարկը մշակելու այնպէս մը, որ անիկա լիբանանցիներուն իրաւունքները չոտնակոխէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Թարեք Մերեհպի յայտնեց, որ իրենք բարձր կը գնահատեն զինուորականներուն զոհողութիւնները, սակայն այդ հարցին լուծումը վարչապետարան ներխուժելով կարելի չէ իրականացնել:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Ատուան նշեց, որ Քննչական կեդրոնական մարմինին հարցում ուղղած են մաքսատուն հասած արտադրութիւններուն յանձնումը ուշացնելու մասին:

ՄԱՔՍԱՏԱՆ ընդհանուր տնօրէն Պատրի Տահեր հաստատեց, որ ինք պատասխանատու չէ մաքսատան պաշտօնէութեան շարժումին` հաստատելով, որ պահանջուածը մաքսատան պաշտօնէութիւնը փորձութիւններու դիմաց անձեռնմխելի պահելն է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռաէտ Խուրի շեշտեց, որ կարելի չէ 2019-ի պետական ամավարկը բարեկարգչական ամավարկ մը նկատել, որովհետեւ անիկա բարեկարգումներ չի պարփակեր:

 

Նախորդը

Ժիպէյլի Քաղաքապետութեան Նախաձեռնութեամբ` Մարիա Ճէյքըպսընի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Յաջորդը

Պու Սաապ Քննարկեց Սահմաններու Պաշտպանութեան Եւ Տեղահանութեան Քաղաքականութեան Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.