Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաթըրֆիլտ Վերադարձաւ Լիբանան` Շարունակելու Համար Լիբանան-Իսրայէլ Ծովային Սահմանագծումի Բանակցութիւնները

Յունիս 13, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններուն ծիրին մէջ նախանցեալ գիշեր վերադարձաւ Լիբանան:

Սաթըրֆիլտ նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու տնօրէն, դեսպան Ղատի Խուրիի հետ, եւ անոր փոխանցեց Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ սահմանագծում կատարելու բոլոր մանրամասնութիւնները:

Պըրրիի Մօտ

Սաթըրֆիլտ երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց սահմանագծումին վերաբերող զարգացումները:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներուն միջեւ կատարուելիք ծովային եւ ցամաքային սահմանագծումին մանրամասնութիւնները, որոնք հասած են իրենց զգայուն վիճակին` Լիբանանի ամբողջական իրաւունքները պաշտպանելու առումով:

Վարչապետարանին Մէջ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին նոյնպէս ընդունեց Սաթըրֆիլտն ու Ռիչըրտը:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրի:

Քննարկուեցան սահմանագծումին վերաբերող զարգացումները:

Այցելութիւն Ուժանիւթի Նախարարին

Սաթըրֆիլտ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Նատա Պուսթանիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Պուսթանի յայտնեց, որ Լիբանան կը քաջալերէ ամերիկեան ընկերութիւնները` ներդրումներ կատարելու Լիբանանի նաւթի մարզին մէջ:

 

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան. «Քաղաքական Կեցուածքները Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Վրայ Ժխտական Անդրադարձ Չունին»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Վարչապետ Հարիրիի Հետ Ունեցաւ Մտերմիկ Եւ Դրական Հանդիպում Մը

RelatedPosts

«Պէյրութ 1» Խորհրդաժողովի Ընթացքին.  Աուն. «Մշտատեւ Ապահովութիւն Մը Կ՛ուզենք,  Եւ Լիբանան Կարեկցանք Չ՛ուզեր, Այլ Վստահութիւն»
Գլխաւոր լուրեր

«Պէյրութ 1» Խորհրդաժողովի Ընթացքին. Աուն. «Մշտատեւ Ապահովութիւն Մը Կ՛ուզենք, Եւ Լիբանան Կարեկցանք Չ՛ուզեր, Այլ Վստահութիւն»

Նոյեմբեր 19, 2025
Պըրրի Ընդունեց Եազիտ Պըն Ֆարհան  Իշխանն Ու Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններու Դեսպանը
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի Ընդունեց Եազիտ Պըն Ֆարհան Իշխանն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Դեսպանը

Նոյեմբեր 19, 2025
Սալամ Ընդունեց Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններու Արտաքին Գործոց  Նախարարութեան Պետական Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Ընդունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Պետական Նախարարը

Նոյեմբեր 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?