Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանան Պիտի Չհրաժարի Իր Ցամաքային Եւ Ծովային Սահմանային Իրաւունքներէն» Շեշտեց Պասիլ

June 14, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Բրիտանիոյ Լորտերու պալատին մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ նշեց, որ զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութենէն, ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութենէն եւ երեսփոխանական վերջին ընտրութիւններէն ետք Լիբանան յանգած է պետական եւ սահմանադրական հաստատութիւններու կայունութեան:

«Լիբանան կրցած է տապալել ՏԱՀԵՇ-ը եւ Ժապհաթ Նուսրան` դառնալով շրջանի առաջին երկիրը, որ յաջողած է իրագործել այդ նուաճումը: Դժբախտաբար, սակայն, ատիկա չի նշանակեր, որ Լիբանան կրցած է յաղթել նաեւ ահաբեկչութեան սպառնալիքին, որովհետեւ ծայրայեղականութեան գաղափարախօսութիւնը տակաւին առկայ է», ըսաւ ան:

Պասիլ հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, իսկ երկրին հարաւային սահմանները շրջանին մէջ ամէնէն ապահով եւ խաղաղ սահմաններն են: «Լիբանան եղած է միշտ պաշտպանողական կարգավիճակի մէջ եւ իբրեւ այդպիսին ան պիտի չհրաժարի իր ցամաքային եւ ծովային սահմանային իրաւունքներէն», աւելցուց ան:

Անդրադառնալով Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն` Պասիլ ըսաւ, որ Լիբանանի իւրաքանչիւր քառ. քմ-ին մէջ կայ 200 սուրիացի տեղահանուած: «Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն եւ սուրիացի տեղահանուածներուն թիւը արդէն իսկ լիբանանցիներուն թիւին կէսէն աւելին է, եւ ոմանք տակաւին կը շարունակեն ըսել, թէ այս թղթածրարին լուծում չկայ, բացի Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում ապահովելէ, «ինչ որ կտրականապէս կը մերժենք», ընդգծեց Պասիլ:

Ան աւելցուց, որ Լիբանան այլեւս ի վիճակի չէ հանդուրժելու սուրիացի տեղահանուածներուն բեռը: «Սուրիացի տեղահանուածներուն տրամադրուած օժանդակութիւնները կը նպաստեն զանոնք Լիբանանի մէջ պահելուն եւ ոչ թէ անոնց տունդարձին: Արեւմուտքը կը մերժէ տեղահանուածներու տունդարձին նեցուկ կանգնիլ, իսկ մենք անկէ կը պահանջենք օժանդակել անոնց տունդարձը իրականացնելու առումով: Կայ նաեւ միջազգային օրէնք, որ կը վերաբերի պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձի իրաւունքին, եւ Լիբանան կը զօրակցի այս իրաւունքին` մերժելով անոնց բնակեցումը, հիմնուելով երկրին սահմանադրութեան վրայ», յայտնեց ան:

Արաբեւիսրայէլեան տագնապի շրջագիծին մէջ առաջարկուած խաղաղութեան նախաձեռնութեան մասին խօսելով Պասիլ նշեց, որ Լիբանան այդ նախաձեռնութեան մանրամասնութիւններէն պաշտօնապէս տեղեակ չէ, իսկ անպաշտօն կերպով հասած տեղեկութիւնները քաջալերական չեն:

Պասիլ ընդգծեց, որ այդ տագնապին ճիշդ լուծումը պիտի ըլլայ երկու պետութիւններու հաստատումով:

Միւս կողմէ, Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Բրիտանիոյ մէջ բնակող լիբանանցիներու ներկայացուցիչներուն հետ: Ան նշեց, որ իրենք Լիբանանի քաղաքական կեանքին ընտելացած են` աւելցնելով, որ մնայուն կերպով իրենց համար հարցեր կը ստեղծեն, առանց շօշափելու այն իրականութիւնը, թէ Լիբանանի գերագոյն շահերուն շուրջ համաձայնութիւնը կը գերազանցէ ամէն բան: «Նման հարցեր ստեղծեցին նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ մեր յարաբերութեան մէջ, մինչդեռ մենք միասնաբար Լիբանանի լաւագոյն պատկերը ներկայացուցած ենք: Կը հաստատենք, որ մեր իսկական միասնականութիւնը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ, որ միասնաբար գործենք ի խնդիր Լիբանանի գերագոյն շահերուն», եզրափակեց Պասիլ:

 

Նախորդը

Երեսփոխաններ Թերզեան Եւ Սահնաուի Ժսըրի Հետ Քննարկեցին Պէյրութի Մէջ Գարշահոտերու Արտաբերման Հարցը

Յաջորդը

Պըրրի. «Խորհրդարանը Պիտի Լծուի Պետական Ամավարկի Վաւերացման Օրէնսդրական Աշխատանքին, Իսկ Պետական Մարզի Պաշտօնեաներուն Աշխատավարձերը Պիտի Չնուազին»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.