Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան պալատներուն մէջ ներկայ գտնուեցաւ մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին Ցուցահանդէսներու միջազգային ընկերութեան նախագահ Ալպեր Աուն յայտարարեց «Փրոճեքթ Լեպանոն 2019» ցուցահանդէսի 24-րդ տարբերակին մեկնարկը:
«Փրոճեքթ Լեպանոն 2019» ցուցահանդէսին բացումը պիտի կատարուի երկուշաբթի, 17 յունիս 2019-ին, «Սի սայտ արենա»-ի մէջ:
Աուն նշեց, որ «Փրոճեքթ Լեպանոն 2019», ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 20 արաբական եւ օտար երկիրներէ 250 ընկերութիւններ, որոնք շինարարական, ձեւաւորումի եւ ճարտարապետական սարքեր պիտի ցուցադրեն, ինչպէս նաեւ վարժողական ծրագիրներ առաջարկեն ճարտարապետութեան ճիւղը աւարտած ուսանողներուն:
Նախարար Կիտանեան իր կարգին յայտնեց, որ «Փրոճեքթ Լեպանոն 2019» ցուցահանդէսը միացեալ ենթահող մը կը նկատուի շինարարական եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն, որովհետեւ անիկա կը քաջալերէ խորհրդաժողովներու զբօսաշրջութիւնը:
Ա. Կիտանեան ընդգծեց «Փրոճեքթ Լեպանոն 2019» ցուցահանդէսին ունենալիք տնտեսական կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ այդ ցուցահանդէսը իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ երկրին շինարարական մարզին վրայ:
Նախարար Կիտանեան գնահատեց նաեւ ցուցահանդէսին թուականը, որ կը զուգադիպի արաբ եղբայրներուն Լիբանան ներկայութեան:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Սաատ Հարիրիին` «Փրոճեքթ Լեպանոն 2019» ցուցահանդէսը հովանաւորելու, ինչպէս նաեւ երկրին տնտեսական զարգացման շարժառիթ նկատուող նման ձեռնարկներ քաջալերելուն համար:
Միւս կողմէ, նախարար Կիտանեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ զբօսաշրջութեան մարզը առողջ է` հաստատելով, որ լիբանանեան ներքին տարակարծութիւնները ուղղակիօրէն երկրին զբօսաշրջութեան վրայ իրենց ազդեցութիւնը չեն ունենար: «Բայց եւ այնպէս, նկատի ունենալով, որ Լիբանան հասնող զբօսաշրջիկները մեծաւ մասամբ արաբներ են` Ծոցի երկիրներէն եկած, ապա կարգ մը քաղաքական կեցուածքներ կրնան անուղղակի ազդեցութիւն ունենալ», ըսաւ ան:
Նախարար Կիտանեան ընդգծեց, որ քաղաքական կեցուածքները Լիբանանի զբօսաշրջութեան վրայ ժխտական անդրադարձ չունին:
Ան նշեց, որ Թրիփոլիի անհատական ապահովական միջադէպը իր կարգին ոչ մէկ բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ զբօսաշրջութեան վրայ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ապահովութեան ուժերը այդ միջադէպը կրցան իրենց հակակշիռին տակ առնել:
Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական եւ ապահովական անդորրը կ՛օժանդակէ, որ երկրին զբօսաշրջութեան մարզը յաջողի: «Այս է իմ առաքելութիւնս, որուն յաջողութեան համար ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեմ», եզրափակեց նախարար Կիտանեան: