ԿԸ նախատեսուի, որ կառավարութիւնը, երեքշաբթի, 18 յունիս 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, իր ընթացիկ նիստը գումարէ վարչապետարանին մէջ` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նախնական տուեալներուն համաձայն, կառավարութիւնը նշանակումներ պիտի չկատարէ:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Ռայա Հասան երէկ նախագահեց բանտերու յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ նոր արգելարաններ կառուցելու հեռանկարները` նկատի ունենալով բանտերուն բազմամարդ ըլլալու իրականութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Սէուտական շուրայի խորհուրդի մէկ պատուիրակութեան Լիբանան այցելութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ սահմանադրական բոլոր խախտումները, ինչպէս նաեւ Ազգային ուխտին պարտադրած սկզբունքներուն նկատմամբ օրինազանցութիւնները խստիւ մերժելի են:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Լիբանանեան համալսարանը կարիքը ունի ամբողջական բարեկարգումի` հաստատելով, որ դասախօսներուն կողմէ դասադուլը շարունակելը հարցերուն լուծում չի կրնար ապահովել: