Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Նատա Պուսթանի «Ֆրանս Փրես» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Պէյրութ կ՛այցելեն միջազգային մեծ ընկերութիւններ, որոնց շարքին եւրոպական եւ ռուսական ընկերութիւններ, որոնք իրենց հետաքրքրութիւնը կը ցուցաբերեն նաւթի եւ բնական կազի պեղումներու ու արտահանման իմաստով ներդրում կատարելու հարցով:
Պուսթանի նշեց, որ այդ ընկերութիւններէն են ռուսական «Կազփրոմ»-ը, «Լուք օյլ»-ը, «Թոթալ»-ը, «Ինի»-ն եւ «Նովաթեք»-ը:
Պուսթանի նշեց նաեւ, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի հետ իր հանդիպումին ընթացքին իմացած է, թէ ոչ մէկ արգելք կայ նաեւ, որ ամերիկեան ընկերութիւններ նման ներդրումներ կատարեն:
Պուսթանի ըսաւ, թէ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումը կատարելէ ետք կարելի պիտի ըլլայ նաւթահորերու բաժանում կատարել միջազգային հովանաւորութեամբ եւ աշխատանքի սկսիլ:
Պուսթանի յոյս յայտնեց, որ լիբանանցիները մօտիկ ապագային կարենան նաւթի մարզին բարիքները քաղել, որովհետեւ անիկա մեծ թիւով ներդրումներու դուռ կը բանայ եւ աշխատանքի կարելիութիւններ կը ստեղծէ: