Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծն Լիբանանի 100-ամեակին Առիթով . Նախագահ Աուն Այսօր Երեկոյեան Լիբանանցիներուն Պիտի Ուղղէ Իր Պատգամը

August 31, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր երեկոյեան ժամը 8:00-ին լիբանանեան լսատեսողական լրատուամիջոցներուն ընդմէջէն պատկերասփռուած պատգամ մը պիտի ուղղէ լիբանանցիներուն` Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 100-ամեակին առիթով:

Ան պիտի անդրադառնայ 100-ամեակին նպատակով կազմակերպուած ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւններուն:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն գոհունակութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութեան երկարաձգումին համար` աւելցնելով, որ այդ որոշումը անսաց Լիբանանի պահանջներուն, այսինքն` կատարուեցաւ առանց փոփոխութիւններու, այսինքն` առանց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն թիւը եւ եւ անոնց յատկացուած պիւտճէն կրճատելու:

Նախագահ Աուն նկատել տուաւ, որ այս որոշումը անգամ մը եւս կը հաստատէ հարաւային Լիբանանի կայունութեան նկատմամբ միջազգային ընտանիքին յանձնառութիւնը:

Ան աւելցուց, որ Լիբանան իր կարգին ամէն ջանք ի գործ կը դնէ պահպանելու սահմանային կայունութիւնը, հակառակ Իսրայէլի, որ ցամաքային, օդային եւ ծովային առումով Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւններ կը գործէ` արարքներ, որոնք Ապահովութեան խորհուրդին որոշումով դատապարտուեցան:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ բարեկամ երկիրներուն հետ Լիբանանի ի գործ դրած դիւանագիտական ճիգերը, ինչպէս նաեւ այդ երկիրներուն, յատկապէս` Լիբանանի ընդառաջումը ցոյց կու տան Լիբանանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը պաշտպանելու նկատմամբ այդ պետութիւններուն  հետաքրքրութիւնը, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան նկատմամբ Լիբանանի նախանձախնդրութիւնը, հակառակ ամէնօրեայ դրութեամբ իր դէմ գործուած իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն:

Միւս կողմէ, երկուշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2019-ին, Պաապտայի մէջ տնտեսական երկխօսութեան նիստին սեմին, նախագահ Աուն երէկ յետմիջօրէին Պաապտայի մէջ ընդունեց Միջազգային դրամատան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի շրջանային տնօրէն Սարուժ Քումարճահի, որուն հետ քննարկեց Միջազգային դրամատան կողմէ Լիբանանին յատկացուելիք օժանդակութիւնը, որուն նպատակն է ամրապնդել երկրին տնտեսութիւնը:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ պետական ամավարկի եւ ելեւմտական հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան:

Հանդիպումէն ետք Քումարճահ ընդգծեց, որ Միջազգային դրամատունը կը զօրակցի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին եւ Լիբանանի կառավարութեան, յատկապէս անոր կատարած բարեկարգումներուն առումով:

 

Նախորդը

Ապահովութեան Խորհուրդը Մէկ Տարիով Երկարաձգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Պաշտօնավարութիւնը

Յաջորդը

Գագիկ Խաչատրեան Կալանաւորուեցաւ

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.