Կազմակերպութեամբ Ամալ շարժումին, շաբաթ, 31 օգոստոս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Նապաթիէի «Աշուրա» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ իմամ սէյիտ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն` շէյխ Մոհամետ Եաագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի առեւանգման 41-ամեակին նուիրուած ոգեկոչումի ժողովրդային ձեռնարկ մը:
Ձեռնարկին ընթացքին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ իմամ Սատըրն ու անոր ընկերակիցները լիպիական արգելարաններէն փրկելու աշխատանքը կը շարունակուի` նկատի ունենալով, որ իրենց հասած տեղեկութիւնները կ՛ընդգրկեն իմամ Սատըրը մէկ բանտէն միւսը փոխադրելու մասին մանրամասնութիւններ:
Պըրրի շեշտեց, որ Ամալ շարժումը եւ ինք` իբրեւ շարժումի եւ խորհրդարանի նախագահ, յանձնառու կը մնան այդ սուրբ նպատակին գործադրութեան:
Անդրադառնալով Իսրայէլի` Պըրրի շեշտեց. «Լիբանան պիտի չարտօնէ, որ Իսրայէլ Միջին Արեւելքի մէջ իր ուժը վերահաստատէ Լիբանանի հաշուոյն: Իսկ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նախքան ընտրութիւնները կարիքը ունի բարոյական յաղթանակի»:
Խորհրդարանի նախագահը բարձր գնահատեց Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքին դիմաց ցուցաբերուած լիբանանեան միասնականութիւնը:
Պըրրի կոչ ուղղեց Ամալ շարժումին մնալու կազմ ու պատրաստ թշնամի Իսրայէլին ըմբռնել տալու, թէ Լիբանանը իր ամբողջ տարածքով Դիմադրութիւն է:
Ան կոչ ուղղեց նաեւ գործադրելու Թաէֆի համաձայնագիրին բոլոր կէտերը:
Նշենք, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այս առիթով յայտնեց, որ իմամ Մուսա Սատըրի ցուցմունքները եւ գործելաոճը ազգային հիմք են եւ հեղինակութիւն, որոնց շուրջ երբ լիբանանցիները համախմբուին` կը հաստատեն, որ իրենց ուժն ու զօրութիւնը իրենց միասնականութեան մէջ կը գտնուի:
Իր կարգին, վարչապետ Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն դատը արդար է` բացարձակ զօրակցութիւն յայտնելով Պըրրիին, ինչպէս նաեւ իմամ Սատըրի ընտանիքին եւ հետեւորդներուն: