Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ կիրակի, 9 փետրուար 2020-ին Հերմելի Ապու Ասի շրջանին մէջ բանակին կողմէ գողցուած ինքնաշարժով յանցագործի մը հետապնդումին ընթացքին արձանագրուած է միջադէպ մը, որուն ընթացքին զինեալ յանցագործը կրակ բացած է բանակայիններուն վրայ:
Բանակին եւ յանցագործին միջեւ բախումներուն ընթացքին նահատակուած են երեք բանակայիններ` Ալի Իսմայէլ, Ահմետ Հայտար Ահմետ եւ Հասան Իզզէտտին:
Բանակի հրամանատարութիւնը գուժեց երեք զինուորներուն նահատակութիւնը, ինչպէս նաեւ այլ հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ երեք նահատակ զինուորականներուն պաշտօնական յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ:
Լիբանանեան բանակին զօրակցեցան մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնք հաստատեցին, որ բանակն է երկրին ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորողը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանողը:
Վարչապետ Հասսան Տիապ խստիւ դատապարտեց Հերմելի մէջ լիբանանեան բանակին դէմ արձանագրուած դէպքը, որուն պատճառով նահատակուած են երեք բանակայիններ, եւ վիրաւորուած ուրիշներ:
Տիապ յայտնեց, որ բանակին վրայ յարձակումը համազօր է Լիբանանը հարուածող կայունութեան` նկատի ունենալով, թէ լիբանանեան բանակն է, որ կը պահպանէ երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Ան հաստատեց, որ բանակին վրայ որեւէ յարձակում լիբանանցիներուն եւ Լիբանանին վրայ յարձակում կը նկատուի, հետեւաբար լիբանանեան պետութեան հանգամանքը հարուածելու պատրաստ իւրաքանչիւր անհատ պէտք է ձերբակալուի եւ պատժուի:
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր խոր վիշտով գուժեց բանակայիններուն նահատակութիւնը: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակներուն ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:
Ան ողջունեց լիբանանեան բանակը` հաստատելով, որ անոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն պաշտպանելու համար երկրին գերիշխանութիւնը եւ իրականացնելու համար արդարութիւնը:
Ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմի շեշտեց, որ բանակին դէմ որեւէ յարձակում լիբանանցիներուն դէմ յարձակում կը նկատուի` աւելցնելով, որ ապահովութեան ուժերն են, որոնք կը պաշտպանեն երկրին ու քաղաքացիին անվտանգութիւնը:
Արտաքին գործոց նախարար Նասիֆ Հըթթի ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակ բանակայիններուն հարազատներուն եւ բանակի հրամանատարութեան` հաստատելով, որ բանակը պիտի մնայ Լիբանանը պաշտպանող անշրջանցելի ցանկապատը:
Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակն է երկրին եւ քաղաքացիներուն հիմնական երաշխաւորը:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ երեք բանակայիններուն նահատակութիւնը վերստին լուսարձակ կը բանայ ապօրինի զէնքին թղթածրարին վրայ: Ան զօրակցութիւն յայտնեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատու գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ առաւելագոյն չափով գործակցութեան կոչ ուղղուեցաւ` կանխարգիլելու համար երկրին մէջ ապահովական հաւանական ցնցումները:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ցաւակցութիւն յայտնեց բանակին հրամանատարութեան` շեշտելով, որ անգամ մը եւս բանակը կը հաստատէ, թէ ինքն է հայրենիքին ապահովութիւնն ու կայունութիւնը պահպանողը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ղեկավար, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին դէմ յարձակումը եւ երեք զինուորականներուն նահատակութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն վրայ գործուած յարձակում կը նկատուի:
Մուսթաքպալ հոսանքը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց բանակին վրայ յարձակումը` կոչ ուղղելով, որ բանակը յաւելեալ խստութեամբ վարուի անոնց հետ, որոնք ապօրինի զէնք ունին եւ կը յանդգնին զայն ապահովութեան ուժերուն դէմ բարձրացնել:
Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի կոչ ուղղեց` զօրակցելու լիբանանեան բանակին եւ անոր զոհողութիւններուն:
Նախկին նախարար Նիքոլա Թուէյնի հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին հասցէին արձանագրուած իւրաքանչիւր հարուած Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն թշնամիներուն ծառայութիւն կը նկատուի:
Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆի դատապարտեց լիբանանեան բանակը թիրախ դարձնելու արարքները` հաստատելով, որ բանակին դէմ գործուածը քրէական ոճիր կը նկատուի եւ պէտք է խստօրէն դիմադրել այդ աքթին:
Մարոնիներու լիկան խստիւ դատապարտեց բանակին վրայ գործուած յարձակումը` կոչ ուղղելով հետապնդել յանցագործները եւ զանոնք խստագոյն պատժամիջոցներուն ենթարկել:
Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը կարմիր գիծ է` ընդգծելով, որ Հերմելի պատահարը խիստ դատապարտելի է: