Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆահմի. «Առաջնահերթը Տնտեսական Բարգաւաճումն Է, Ապա Բանտերու Արդիականացումն Ու Կիներու Իրաւունքներուն Զօրակցութիւնը»

Փետրուար 13, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Էմանուէլ Լամուրոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-քանատական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակն ու կառավարութեան վստահութեան քուէին յատուկ խորհրդարանի նիստին առընթեր տեղի ունեցած ժողովրդային ցոյցերուն վերաբերող հարցեր:

Ֆահմի հաստատեց, որ ցուցարարներուն դէմ բռնի ուժ չէ գործադրուած` յայտնելով, որ ապահովութեան ուժերը ամէն ջանք ի գործ դրած են պաշտպանելու համար խաղաղ ցուցարարներն ու պետական թէ սեփական կալուածները:

Ֆահմի շեշտեց, որ առաջնահերթը տնտեսութեան բարգաւաճումն է, ապա բանտերու արդիականացումն ու կիներու իրաւունքներուն զօրակցութիւնը:

Լամուրօ հաստատեց, որ Քանատա պատրաստ է օժանդակելու քաղաքապետութիւններու ոստիկաններուն կարողութիւնները բարելաւելու ծրագիրներուն, որպէսզի անոնք նեցուկ կանգնին ապահովութեան ուժերուն` երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով:

Լամուրօ յայտնեց նաեւ, որ Քանատա պատրաստ է ամէն իմաստով օժանդակելու Լիբանանին:

Ֆահմիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որ ընդգծեց Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը` օժանդակելու Լիբանանին:

Ֆուշէ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը միասնականացնելու` օգտուելու համար «Սետր»-ի խորհրդաժողովին տրամադրած կարողութիւններէն ու բարիքներէն:

Ֆուշէ հաստատեց, որ Փարիզ ու Պէյրութ մնայուն կերպով կը գործակցին ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ քաղաքացիական անվտանգութիւն ապահովելու:

Ան ընդգծեց, որ Ֆրանսա 50 միլիոն տոլար տրամադրած է զօրակցելու համար վերոնշեալ ծրագիրներուն իրագործման, գործակցութեամբ` Լիբանանի ներքին ապահովութեան ուժերուն:

Ֆահմիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Ռեպեքա Կրինտլէյը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ նոր բանտեր կառուցելու իմաստով Աւստրալիոյ ցուցաբերելիք օժանդակութեան կարելիութիւնը:

Նախորդը

Թրաֆ. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաաստ Է Աշխուժացնելու Լիբանանի Զօրակցութեան Ծրագիրները»

Յաջորդը

Համտան Քիճիանի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?