Անկախ նասըրականներու Մուրապիթուն շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան, ընկերակցութեամբ իր օգնականին` Եուսեֆ Թապըշի, երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կարգ մը միջազգային ուժերու կողմէ «Քորոնա» ժահրի օգտագործումը` Չինաստանի տնտեսութիւնը ցնցելու նպատակով:
Հանդիպումին ընթացքին Համտան բարձր գնահատեց չինական իշխանութիւններուն ջանքերը` «Քորոնա» ժահրին դէմ անոնց մղած պայքարին մէջ:
Իր կարգին, Քիճիան հաստատեց, որ Չինաստան յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ երկիրը հարուածող տնտեսական տագնապը դիմագրաւելու ջանքերուն:
Քիճիան երկխօսութեան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն` մաս կազմելու արդիւնաբեր երկխօսութեան պահպանելու համար լիբանանեան պետութեան հանգամանքը, ինչպէս նաեւ դիմակայելու համար երկրին տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական մարզերը հարուածող տագնապները:



