Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Տիապ Նախագահեց «Քորոնա» Ժահրի Դէմ Պայքարելու Յատուկ Միջոցներ Գործադրող Նախարարական Նիստին

February 18, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու յատուկ միջոցներ գործադրող նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժար, տնտեսութեան նախարար Ռաուուլ Նեհմէ, երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատախազ Մահմուտ Մաքքիէ, պաշտպանութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար, ինչպէս նաեւ վարչապետի խորհրդատու Խտըր Թալեպ:

Նիստէն ետք Հասան յայտնեց, թէ հաստատուած է, որ Լիբանանի մէջ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագայ չէ արձանագրուած` աւելցնելով, որ ցամաքային, ծովային թէ օդային սահմաններուն վրայ որդեգրուած միջոցառումներն ու տրուած նախազգուշական ցուցմունքները կը համապատասխանեն Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան չափանիշերուն:

Հասան շեշտեց, որ վարչապետ Տիապ ընդգծած է այդ աշխատանքներն ու միջոցառումները նոյն յանձնառութեամբ  շարունակելու եւ կարգ մը վայրերու մէջ զանոնք խստացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Տիապ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Ռեպեքա Կրինտլէյը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Կրինտլէյ շնորհաւորեց վարչապետը` խորհրդարանին կողմէ անոր կառավարութեան ստացած վստահութեան քուէին համար եւ յաջողութիւն մաղթեց Լիբանանի կառավարութեան:

Տիապի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խօսէ Մարիա Ֆերին, որ յայտնեց, թէ շնորհաւորած է վարչապետը եւ անոր փոխանցած Սպանիոյ վարչապետին ողջոյնները:

Ֆերի նշեց, որ վարչապետ Տիապի հետ քննարկած է երկկողմանի յարաբերութիւններն ու լիբանանեան-սպանական գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Ան նկատել տուաւ, որ վարչապետ Տիապի հետ արծարծած է նաեւ երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական իրադարձութիւնները` աւելցնելով, որ վարչապետ Տիապը հրաւիրած է Սպանիա այցելութեան:

Տիապի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Էմանուէլ Լամուրոն: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-քանատական յարաբերութիւնները:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ֆահմի. «Խաղաղ Ցուցարարներուն Պաշտպանութիւնը Մեր Պարտականութիւնն Է, Իսկ Օրինազանցները Հաշուի Պիտի Կանչուին»

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.