Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանիի եւ Ժողովրդային աշխարհազօրի փոխնախագահ Ապու Մեհտի Մուհանտեսի անարգ սպանութեան քառասունքին, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի նահատակ ղեկավարներէն Ապպաս Մուսաուիի, Ռաղեպ Հարպի եւ Իմատ Մուղնիէի յիշատակին առիթով, Հըզպալլա երէկ կազմակերպեց ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ Հարաւային արուարձաններու «Սէյիտ Շուհատա» համալիրին մէջ:
Այս առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ նահատակ ղեկավարներուն միջեւ հասարակ յայտարարներուն, որոնք են հաւատքը, նուիրումը, անկեղծութիւնը, լրջութիւնը, ժողովուրդին հանդէպ սէրը, ծայր աստիճան համեստութիւնը, վեհ քաջութիւնը, պատասխանատուութիւն ստանձնելու կարողութիւնը, ժողովուրդին հոգերը կրելու առաւելութիւնը, Աստուծոյ հանդէպ հաւատքը, ապագայի նկատմամբ յոյսը, յաղթանակներ արձանագրելու նուաճումն ու նահատակութեան արժանանալու պատիւը:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Քասեմ Սիւլէյմանիի եւ Ապու Մեհտի Մուհանտեսի սպանութիւնը պատճառ դարձած է, որ Դիմադրութեան առանցքը մուտք գործէ նոր, զգայուն եւ ճակատագրական փուլ մը:
«Դիմադրութեան առանցքը նոր մարտահրաւէրի դիմաց կը գտնուի ամբողջ շրջանին մէջ», ըսաւ ան:
Շրջանային առումով ան հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 2 մեծ ոճիրներ գործած է, որոնք են Սիւլէյմանիի ու Մուհանտեսի սպանութիւնը եւ ապա «Դարու գործարք»-ի յայտարարութիւնը, որ միակողմանի գործարք է, եւ բաւական տկար, որովհետեւ պաղեստինեան կողմը այդ մասին տեղեակ իսկ չէ պահուած: «Խորքին մէջ Թրամփի յայտարարած գործարքը իսրայէլեան թեզ է, որ ոչ միայն պաղեստինեան դատը կը ջնջէ, այլ Կոլանի ու Լիբանանի իրաւունքները կը ջրէ: Այսինքն` Մազարեհ Շեպաան, Քֆարշուպայի բարձունքներն ու հիւսիսային Ղաժարը իսրայէլեան հողերու տարածքին մէջ կը ներառուին: Այս գործարքին յաջողութիւնը կախեալ է պաղեստինցիներուն եւ արաբ ժողովուրդին կեցուածքներէն», ըսաւ ան:
Այս շրջագիծին մէջ ան դրուատեց «Դարու գործարք»-ին դէմ արտայայտուած արաբական եւ միջազգային կեցուածքները, բարձր գնահատելով այդ գործարքը մերժելու իմաստով գոյացած լիբանանեան համախոհութիւնը, ինչպէս նաեւ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը մերժելու իմաստով լիբանանցիներուն միասնական կեցուածքը:
Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ, թէեւ Լիբանանի սահմանադրութիւնը կը մերժէ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը, սակայն եթէ այդ իմաստով մտահոգութիւններ կան պէտք է նկատի առնուին:
«Շրջանային առումով ստեղծուած այս նոր փուլը կը պարտադրէ արաբ ժողովուրդներուն խիստ դիմադրութեան երթալ, որովհետեւ ամբողջ շրջանին վրայ յարձակում կայ ամերիկեան վարչակազմին կողմէ` պարզապէս անոր համար, որ շրջանը կը մերժէ անձնատուր ըլլալ: Մենք շատ ուշացած ենք դիմադրելու եւ պէտք է ամէն մակարդակի վրայ դիմադրենք, նոյնիսկ եթէ ան ըլլայ տնտեսական եւ ամերիկեան արտադրութիւնները չքաջալերելու կամ Թրամփի ընկերութիւններուն հետ գործակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու միջոցներով», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ շրջանի բոլոր պատերազմները ֆինանսաւորողը Միացեալ Նահանգներն են` աւելցնելով, որ այս շրջագիծին մէջ եթէ միայն ՏԱՀԵՇ-ի օրինակը առնենք, բաւարար է:
Ներքին լիբանանեան առումով, սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ երկրին հիմնական հարցը տնտեսական-ելեւմտական տագնապն է, որուն շրջագիծին մէջ նաեւ` դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողներուն գումարները:
Ան դիտել տուաւ, որ այդ տագնապին մէջ կ՛իյնայ նաեւ սղաճի հարցը, դրամանիշի հարցը, անգործութիւնը, գործարաններու փակումը, ինչպէս նաեւ աշակերտներուն կրթաթոշակներուն հարցը:
Սէյիտ Նասրալլա ակնարկեց նաեւ այն իրականութեան, որ տնտեսութեան իբրեւ հետեւանք` ապահովական հարցեր կրնան ծագիլ:
Ան ընդգծեց, որ բոլորը պատասխանատու են` աւելցնելով, որ նեցուկ պիտի կանգնին կառավարութեան եւ կարելի եղածին չափ օժանդակեն անոր:
«Յոյս կայ երկիրը տնտեսական փլուզումէ փրկելու: Պէտք չէ անձնատուր ըլլալ», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց բոլորին` կառավարութիւնը Հըզպալլայի կառավարութիւն չանուանելու, որովհետեւ անոր մէջ հրահրում կայ եւ անիկա վնաս կը հասցնէ Լիբանանին:
«Տնտեսական տագնապին լուծումը պէտք է ըլլայ առաջնահերթութիւն եւ պէտք է զայն անջատել քաղաքական տարակարծութիւններէն», եզրափակեց ան: