Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախկին Վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի Սպանութեան 15-ամեակի Նշում . «Ես Գործակցեցայ Երկու Նախագահներու Հետ. Ինձմէ Մնայուն Կերպով Կը Պահանջուէր Յարաբերութիւնը Պահել Ստուերի Նախագահին Հետ, Որպէսզի Կարենամ Կայունութիւնը Պահպանել` Իսկական Նախագահին Հետ» Շեշտեց Սաատ Հարիրի

Փետրուար 17, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութեան 15-ամեակին առիթով, կազմակերպութեամբ Մուսթաքպալ հոսանքին, ուրբաթ, 14 փետրուար 2020-ի յետմիջօրէին, տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը, անոր զաւկին` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ:

Յիշատակի ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Սաատ Հարիրի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Միշել Մուսա, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի, Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի ներկայացուցիչ նախկին նախարար Մայ Շիտիաք, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ներկայացուցիչ նախկին երեսփոխան Էլի Մարունի, Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի ներկայացուցիչ նախկին նախարար Ռոնի Արայժի, Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան, տարբեր համայնքներու հոգեւոր ներկայացուցիչներ, ապահովական կառոյցի պետեր, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական ընդարձակ ներկայացուցչութիւն, որոնցմէ` Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Եգիպտոսի, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Չինաստանի եւ Եւրոպական Միութեան դեսպաններ` Ուալիտ Պուխարի, Համատ Շամիսի, Եասեր Ալաուի, Էլիզապեթ Ռիչըրտ, Պրունօ Ֆուշէ, Ուանկ Քիճիան եւ Ռալֆ Թրաֆ:

Նախքան ձեռնարկը սկսիլը Սաատ Հարիրի շրջեցաւ իր բնակարանին շրջափակը ողողած Մուսթաքպալ հոսանքի համակիրներուն մէջ եւ ողջունեց զանոնք:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որմէ ետք Ռաֆիք Հարիրիի կնոջ` Նազեք Հարիրիի կողմէ արտասանուած խօսքը պատկերասփռուեցաւ ներկաներուն:

Այդ խօսքին յաջորդեց վաւերագրական ժապաւէն մը, որ կ՛անդրադառնար Հարիրի ընտանիքին իրագործումներուն, ինչպէս նաեւ այն իրականութեան, որ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ եւ անոր սուրիացի դաշնակիցները արգելակած են Ռաֆիք Հարիրիի իրագործելիք նուաճումները:

Ժապաւէնին մէջ ներառնուած էին նաեւ Սաատ Հարիրիի փորձերը` երկրին տնտեսական, յատկապէս ելեկտրականութեան տագնապը լուծելու առաջադրանքով:

Ապա Սաատ Հարիրի արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ իր հօր սպանութեան 15-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին ներկայ գտնուող իւրաքանչիւր անհատ, ինչպէս նաեւ բոլոր լիբանանցիները կը տառապին երկիրը հարուածող տնտեսական տագնապէն:

«Այս առիթով կու տանք հետեւեալ հարցը. «Ո՞ւր է այն հսկան, որ պիտի դիմադրէ այս տագնապին, ո՞ւր է Ռաֆիք Հարիրին: Այսօր հաւանաբար կը հասկնաք զգացումներս եւ տարիներէ ի վեր ուղղած այն հարցումս, որ ո՞ւր է Ռաֆիք Հարիրին: Ռաֆիք Հարիրիի սպանութիւնը պատմական անկիւնադարձ էր, իսկ անոր նահատակութենէն 15 տարի ետք Լիբանան դարձեալ կը գտնուի պատմական անկիւնադարձային փուլի մը մէջ», ըսաւ ան:

Սաատ Հարիրի նշեց, որ ինք անկեղծ պիտի ըլլայ իր արտայայտութիւններուն մէջ` ընդգծելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքը չի փափաքիր ինքզինք քաղաքական դասէն անջատել եւ ժողովրդային շարժումի ալիքը ղեկավարել:

Ան յայտնեց, որ ներկայիս ընթացքի մէջ են այնպիսի փորձեր, որոնք դարձեալ կը փափաքին ահաբեկել Ռաֆիք Հարիրին` զայն պատասխանատու նկատելով երկրին տնտեսական տագնապին, պետական գանձարկղի նիւթական բացին, ինչպէս նաեւ պաղեստինցի գաղթականները բնակեցնելու խեղկատակութեան:

Սաատ Հարիրի հաստատեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը նահատակ Ռաֆիք Հարիրիի հոսանքն է: «Այն ղեկավարը, որ Լիբանանը վերադարձուց աշխարհի քարտէսին», ըսաւ Հարիրի եւ նշեց, որ նախորդ 15 տարիներուն ինք շատ բան սորված է` աւելցնելով, որ այդ տարիներուն կէսը անցած է Ազգային ուխտին եւ համայնքներուն իրաւունքներուն անունով գործելու յամառութեամբ:

«Ո՞վ մեզի վերադարձուց ելեկտրական հոսանքի ընդհատումներուն եւ ելեկտրածին շարժակներէ ելեկտրական հոսանք ստանալու իրավիճակին, եթէ ոչ ուժանիւթի նախարարութիւնը: Մուսթաքպալ հոսանքէն ոչ մէկ նախարար ստանձնեց այդ նախարարութիւնը: Ինչո՞ւ այդ նախարարութեան ծախսը հասած է Լիբանանի նիւթական բացին յիսուն առ հարիւրին», հարց տուաւ Հարիրի:

Ան նշեց, որ եթէ 18 տարի առաջ «Փարիզ 2»-ի բարեկարգումները գործադրուէին, Լիբանան փլուզումի սեմին չէր գտնուեր, «սակայն եթէ ոմանք իրենց խոստումներուն յանձնառու չեն, ես ոչինչ կրնամ կատարել», աւելցուց Հարիրի:

Ան ողջունեց իր բարեկամ Ուալիտ Ժոմպլաթը, ինչպէս նաեւ Մայ Շիտիաքը, որ ոչ միայն Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կը ներկայացնէ, այլ նաեւ կենդանի նահատակ է:

«Ոմանք ջնջումի պատերազմի մտայնութիւն ունին: Անոնք կ՛ուզեն ջնջել ընկերվարական յառաջդիմականները, Լիբանանեան ուժերը, ժողովրդային շարժումը, հարիրիականութիւնն ու Մուսթաքպալ հոսանքը: Կը հաստատեմ, որ ես գործակցեցայ հանրապետութեան երկու նախագահներու հետ: Ինձմէ մնայուն կերպով կը պահանջուէր յարաբերութիւնը պահել ստուերի նախագահին հետ, որպէսզի կարենամ կայունութիւնը պահպանել` իսկական նախագահին հետ», ըսաւ ան:

Հարիրի կոչ ուղղեց կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու` աւելցնելով, որ այս իմաստով Մուսթաքպալ հոսանքը պիտի առաջարկէ ընտրական նոր օրինագիծ մը` Թաէֆի համաձայնագիրին համապատասխանող:

Անդրադառնալով նախագահական համաձայնութեան, Սաատ Հարիրի հաստատեց, որ ան միայն երեք տարի ապրեցաւ, «իսկ այսօր ան անցեալին` պատմութեան մաս կը կազմէ: Այսօր ո՛չ պետական ամավարկը բաւարար է, ո՛չ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը, եւ ո՛չ ալ «Սետր»-ը: Կայ միայն մէկ անհատ, որ չի փափաքիր ժողովրդային շարժումը տեսնել իբրեւ քաղաքական գործընկեր: Այդ անհատին կ՛ըսեմ. «Ապրի՛ս, իշխանութեան ժամանակաշրջանին կէսը արգելակեցիր ծրագիրները խոչընդոտելով եւ քու անունովդ կատարեցիր իշխանութեան եւ երկրին քանդումը», հաստատեց ան:

Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ իր որոշումը փոփոխութիւնն է եւ Մուսթաքպալ հոսանքի վերակազմաւորումը: Ան նշեց, թէ ինք պատասխանատու է Մուսթաքպալ հոսանքի բոլոր պարտաւորութիւններուն` աւելցնելով, որ ինք պիտի մնայ Լիբանանի մէջ, իր տան մէջ, իր ընտանիքին մէջ եւ քաղաքական ասպարէզին մէջ: «Ես իմ կամքովս հեռացայ պաշտօնէն` անսալով ժողովուրդին կոչին եւ հաւատալով ժողովրդավարական համակարգին», ըսաւ ան` դատապարտելով Ծոցի երկիրներուն դէմ լիբանանեան քաղաքական կարգ մը ուժերուն ցեխարձակումները:

Ան նշեց, որ Իրանի գումարները կրնան կուսակցութեան մը տագնապը լուծել, սակայն ոչ` երկիրին տագնապը:

Ան իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով, որ Ռաֆիք Հարիրի իր նահատակութենէն 15 տարի ետք ոչ միայն ներկայ է, այլ սկիզբէն պիտի սկսի:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն պատասխանեց Սաատ Հարիրիի յայտարարութիւններուն` առանց անոր անունը նշելու: Պասիլ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ինչ որ ըսես կամ ընես, չես կրնար ինծի հասնիլ: Իսկ ես ինչպէս որ ալ ըլլամ, պիտի չընդունիմ քեզի նման ըլլալ: Կան կարգ մը արժէքներ եւ սկզբունքներ, որոնք կը բաժնեն մեզ, սակայն ազգային համախոհութիւնը մեզ դարձեալ պիտի միացնէ: Դուն շատ հեռու գացիր. բայց պիտի վերադառնաս, սակայն միակ տարբերութեամբ, որ վերադարձի ճամբադ շատ աւելի դժուար ու երկար պիտի ըլլայ»:

Իրեն վերաբերող Պասիլի գրառումին մասին լրագրողներուն հարցումին պատասխանելով` Սաատ Հարիրի ըսաւ. «Չեմ փափաքիր պատասխանել, յատկապէս նկատի ունենալով, որ այսօր Ռաֆիք Հարիրիի յիշատակի օրն է, եւ բոլոր լիբանանցիներուն կը պատկանի: Ռաֆիք Հարիրի հսկայ նուաճումներ նուիրաբերած է Լիբանանին, ինչպէս նաեւ կան շատ մը պետական անձնաւորութիւններ, որոնք պատմութիւն կերտած են` յարգելով Լիբանանի սահմանադրութիւնն ու օրէնքները»:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակցեցան իր հօր նուիրուած յիշատակի ձեռնարկին` շեշտելով, որ իր բնակարանը բոլոր լիբանանցիներուն տունն է:

Ընդդիմութիւն դառնալու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Սաատ Հարիրի ըսաւ, որ նորակազմ կառավարութիւնը պիտի աշխատի եւ անոր կողմէ իրագործուելիք իւրաքանչիւր բարեկարգում պիտի արժանանայ իրենց գնահատականին:

Հարիրի յոյս յայտնեց, որ ինք դէպի Ծոցի երկիրներ շրջապտոյտ մը կատարէ:

Նշենք, որ ձեռնարկէն առաջ, ձեռնարկին ընթացքին եւ անկէ ետք Նահատակաց հրապարակին վրայ, յատկապէս «Մոհամետ Ամին» մզկիթի շրջափակին մէջ գտնուող նահատակ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանին շրջակայքը արձանագրուեցան բախումներ` Մուսթաքպալ հոսանքի համակիրներուն եւ ժողովրդային շարժումի ցուցարարներուն միջեւ: Բախումները վերածուեցան զիրար քարկոծելու, բիրերով զիրար հարուածելու, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի համակիրներուն կողմէ ցուցարարներուն լարած վրաններու քանդելու արարքներու:

Մերթ սաստկացող, մերթ հանդարտող բախումները հակակշիռի տակ առնուեցան լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ:

 

Նախորդը

Ե. Միութեան Փոխնախագահէն Նամակ` Պըրրիի. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օժանդակելու»

Յաջորդը

«Տնտեսական Տագնապին Լուծումը Պէտք Է Ըլլայ Առաջնահերթութիւն Եւ Անջատ` Քաղաքական Տարակարծութիւններէն» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?