Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 17, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԻՐԱՆԻ խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի երէկ երեկոյեան երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, ուր ան հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ շարժումի ցուցարարները շաբաթ յետմիջօրէին բողոքի ցոյց մը կատարեցին Ռիատ Սոլհի եւ Նահատակաց հրապարակներուն վրայ: Անոնք հաստատեցին, որ կը մերժեն կառավարութեան տրուած վստահութեան քուէն եւ օրինականութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեցին, որ լիբանանեան քաղաքական անձնաւորութիւններուն կողմէ գոյացուած համաձայնութիւնները այսօր երկիրը հասցուցած են այս իրավիճակին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Սայտայի մէջ ձերբակալած է ՏԱՀԵՇ-ի անդամ Ֆատի Ֆաթհը, որ ծանօթ է իբրեւ Ապու Պարա:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ խորհուրդի ղեկավար, շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի առողջական վիճակը կայուն է եւ ան իր սովորական աշխատանքները կը կատարէ: Միւս կողմէ, շէյխ Քապալան Սայիտա Զահրայի ծննդեան առիթով կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` երկիրը փրկելու փտածութենէն եւ քաոսէն:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ցարդ չկայ «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագայ:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը նշանակուած է գործելու նպատակով, եւ աւելցուց, որ իբրեւ նախարար պետական պատկերասփիւռի կայանը առաջնահերթութիւն է:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Ուսամա Սաատ զարմանք յայտնեց, որ մասնագէտներէ կազմուած Լիբանանի կառավարութիւնը Միջազգային դրամական ֆոնտէն օժանդակութիւն խնդրած է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան շէյխ Հասան Իզզէտտին յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կարիք ունի աշխատելու առիթի մը, որպէսզի կարենայ իրագործել կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին նպատակները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը չի մտածեր, որ իր եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ տարակարծութիւնները մնայուն են:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի գործադիր նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին իր խօսքը ուղղելով իսրայէլացիներուն շեշտեց, որ իրենք բոլոր ճակատներուն եւ հրապարակներուն վրայ ներկայ են` աւելցնելով, որ եթէ անոնք սխալին, ապա իրենք ներկայ պիտի գտնուին նաեւ այնպիսի հրապարակներու վրայ, որ իրենց միտքով իսկ չէ անցած:

ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է հետապնդէ եւ պատժէ լիբանանեան դրամանիշին արժէքը խախտող օրինազանցները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ իրենք չեն դիմադրեր քաղաքական շահեր ապահովելու համար: Ան աւելցուց, որ կառավարութիւնը պէտք է վերջ տայ Լիբանանի մէջ արձանագրուած սղաճին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի անդամ Մահմուտ Քումաթի կոչ ուղղեց կառավարութեան ընծայելու գործելու առիթ մը` աւելցնելով, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապին իսկական պատճառը տեղական մաֆիաներու գոյութիւնն է:

 

 

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբին Եւ Գործակցաբար «Վ. Սէթեան» Հրատարակչատան. Լիբանանահայութիւնը Փառաւոր Մթնոլորտի Մէջ Ոգեկոչեց Կոմիտասի Երաժշտական Եզակի Աւանդը

Յաջորդը

Հռոմի Մէջ. «Մենք Կարիքը Ունինք Մեր Ազգային Միասնականութեան Եւ Ժողովրդային Պահանջներուն Գործադրութեան» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.