Տեղեկատուական վստահելի աղբիւրներ շաբաթ օր հաղորդեցին, որ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ գործող բոլոր օդանաւային ընկերութիւններուն, այսօր` երկուշաբթի, 17 փետրուար 2020-ին, պաշտօնապէս պիտի յայտարարեն, թէ իրենց կատարուելիք վճարումները միայն ամերիկեան տոլարով պէտք է ըլլան:
Ըստ նոյն աղբիւրներուն, «Միտըլ Իսթ» վճարման տոմսերու եւ դրամատնային չէքերու պարագային եւս պայման պիտի դնէ, որ գումարը լիբանանեան դրամանիշով չըլլայ:
Շաբաթ երեկոյեան շրջանառութեան մէջ դրուած այս յայտարարութենէն գրեթէ ժամ մը ետք Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան ընկերային ցանցերու ընդմէջէն կատարեց գրառում մը, որուն մէջ ան «Միտըլ Իսթ» ընկերութեան վերյիշեցուց 2020-ի պետական ամավարկին մէջ լոյս տեսած այն յօդուածը, որ օրէնքի կարգով լիբանանեան հաստատութիւններուն կը պարտադրէ միայն լիբանանեան դրամանիշով աշխատիլ: Ան հրապարակեց 2020-ի պետական ամավարկի 37-րդ յօդուածը, որ այս որոշումին կ՛ակնարկէ` կոչ ուղղելով բոլորին, որ «Միտըլ Իսթ» ընկերութեան այդ որոշումին չենթարկուին:
Երէկ երեկոյեան Յ. Թերզեան կատարեց այլ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ իսկական օդաչուն այն է, որ օդանաւը հանգիստ եւ վարպետութեամբ կը վարէ փոթորկոտ օրերուն եւ ո՛չ թէ երբ ամէն բան հանդարտ է: «Կրնայ ըլլալ, որ «Միտըլ Իսթ»-ի նման ընկերութիւն մը չկարենայ ուսումնասիրել դրամի իմաստով իր կարիքը եւ չկարենայ տոկալ տագնապներուն: Արդեօք «Միտըլ Իսթ»-ի պատասխանատուները գիտե՞ն «hedging»-ի (ներդրումի վտանգը նուազեցնող տնտեսական ռազմավարութիւն) իմաստը», հարց տուաւ Յ. Թերզեան:
Իր կարգին, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ ինք վաղուց կը պահանջէ, որ «Միտըլ Իսթ» ընկերութիւնը ճամբորդական տոմսերուն սակը նուազեցնէ, սակայն իր պահանջները ոչ մէկ ընդառաջում գտած են:
Պասիլ նշեց, որ «Միտըլ Իսթ»-ի կողմէ միայն ամերիկեան տոլարով գանձելու որոշումը օրէնքի խախտում է` աւելցնելով, որ ինք Ազգային ազատ հոսանքէն կը պահանջէ այս մասին բողոքել եւ դատական հարց յարուցել: Ան նշեց նաեւ, որ Լիբանանէն դուրս գումարներու փոխանցումին մասին իրենք պատասխան չեն ստացած Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէէն` աւելցնելով, որ դրամատունը պետութեան տրամադրութեան տակ կը գտնուի եւ ոչ թէ հակառակը:
Միւս կողմէ, ճամբորդական եւ զբօսաշրջական գրասենեակներու սեփականատէրերու սենտիքան երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն, պահանջուեցաւ ճամբորդական եւ զբօսաշրջական գրասենեակներուն հետ գործակցութեան չափանիշերը միատեսակ դարձնել:
Յետմիջօրէին նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ճամբորդական եւ զբօսաշրջական գրասենեակներու սեփականատէրերու սենտիքային հետ քննարկումներ կատարելէ ետք, պահանջած է ճամբորդական տոմսերուն գիները միատեսակ դարձնել` գործադրելով լիբանանեան օրէնքները, որոնց հիման վրայ տոմսերուն սակը միայն լիբանանեան դրամանիշով կարելի է վճարել:
Երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարեց, որ միայն ամերիկեան տոլարով գանձելու իր որոշումը չեղեալ կը նկատէ` ընդառաջելով վարչապետ Հասսան Տիապի պահանջին:
Նշենք նաեւ, որ երէկ կէսօրէ ետք նախարարաց խորհուրդի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ կառավարութեան որդեգրելիք քայլերուն եւ հաւանական նախարարական որոշումներուն մասին շրջանառութեան մէջ դրուած բոլոր լուրերը անճիշդ են:
Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ նման լուրեր կը միտին երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական կայունութիւնը ամբողջովին քանդել: «Կոչ կ՛ուղղենք նման թունաւոր լուրեր տարածող հեղինակներուն` վերջ տալու օրական դրութեամբ իրենց տարածած թոյներուն, որոնց կարիքը չունի լիբանանցին», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ: