Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պատմական Անկիւնադարձային Փուլի Մը Սեմին Կը Գտնուինք» Շեշտեց Սամի Ժեմայէլ

March 11, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ բաւարար կանխազգուշացում չկայ «Քորոնա» ժահրին մասին` աւելցնելով, որ այդ հարցը աւելի եւս պիտի բարդանայ:

Ան կոչ ուղղեց զգուշանալու եւ լիբանանցիները պաշտպանելու:

«Երկրի մը մէջ, ուր պետութիւն չկայ, ստիպուած ենք իբրեւ քաղաքացիներ պետութեան դերակատարութիւնը ստանձնելու եւ մենք մեր ու մեր ընտանիքները պաշտպանելու պատասխանատուութիւնը վերցնելու», շեշտեց ան:

Ժեմայէլ նշեց, որ Լիբանան պատմական անկիւնադարձային փուլի մը սեմին կը գտնուի` հաստատելով, որ կա՛մ Լիբանան իր ոտքերուն վրայ կը կանգնի եւ կա՛մ երկիրը կը կորսնցնենք: «Որոշումը ժողովուրդին մօտ կը գտնուի: Անոնք կրնան կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններու մղել, որպէսզի նախ քուէատուփեր եւ ապա խորհրդարանին հասցնեն իրենց սրտի ազատ տրոփիւնը», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով կիրակի երեկոյեան Սայֆիի կեդրոնին դէմ կրակելու դէպքին` Ժեմայէլ ըսաւ, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան կեդրոնը պիտի շարունակէ մնալ ճշմարտութիւնը խօսող մարտկոցը, բոլոր լիբանանցիներուն տունը, ինչպէս նաեւ լիբանանցիները, անոնց գերիշխանութիւնն ու արժանապատուութիւնը պաշտպանող կեդրոնը:

«Փաղանգաւոր կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնը տունն է անոնց, որոնք կը փափաքին ազատութիւնը պաշտպանել», հաստատեց ան:

Երկրին տնտեսական կացութեան մասին խօսելով` Սամի Ժեմայէլ դատապարտեց քաղաքական դասը, որ իր չարաշահումներով երկիրը այս վիճակին հասցուցած է: Ան մեղադրեց նաեւ դրամատուները, որոնք մեղսակցած են իշխանութեան` անոնց չարաշահումին մէջ:

Սամի Ժեմայէլ նկատել տուաւ նաեւ, որ Հըզպալլա իր կարգին պատասխանատու է այս կացութեան, որովհետեւ ան մասնակցած է շրջանային այնպիսի պատերազմներու, որոնք Լիբանանը մեկուսացուցած են, ինչպէս նաեւ պատճառ դարձած, որ ներդրումներն ու զբօսաշրջիկները չուղղուին Լիբանան:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ հսկայական ներդրումներ չեն կատարուիր Հըզպալլայի զէնքին պատճառով:

Ժեմայէլ հաստատեց, որ Հըզպալլա միակ կուսակցութիւնն է, որ տնտեսական որոշումներ տալու եւ որդեգրուելիք բարեկարգումներուն մասին խօսելու իրաւասութիւնը ունի:

Յայտնենք, որ երէկ գիշեր ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ներքին ապահովութեան ուժերը ձերբակալած են կիրակի օր Փաղանգաւոր կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնին վրայ կրակած անձը:

 

 

Նախորդը

Հըթթի ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Ներկայացուցիչին Հետ Քննարկեց «Քորոնա» Ժահրին Դիմադրելու Միջոցները

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ժոմպլաթի Կողմէ Գործուղուած Ռամի Ռայէսը

RelatedPosts

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի  Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի  Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին  Ներկայացնէ Կառավարութեան»
Լիբանանեան

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին Ներկայացնէ Կառավարութեան»

January 9, 2026
Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան  Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»

January 9, 2026
Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները
Լիբանանեան

Բանակը Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Նպատակներու Իրագործումը Յայտարարեց

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.