Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 11, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մախզումի շեշտեց, որ անցեալ շաբաթ օր վարչապետ Հասսան Տիապ լիբանանցիներուն ուղղած իր խօսքին մէջ յստակ եւ գործնական ոչ մէկ ծրագիր ներկայացուց:

ՊԱԱԼՊԵՔ-ՀԵՐՄԵԼ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին կառավարութեան` տնտեսական-ելեւմտական  եւ ընկերային հարցերու ամբողջական ծրագիր մը մշակելու իմաստով:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յոյս յայտնեց, որ հանրային կարծիքը տեղեակ պահուի «Քորոնա» ժահրով վարակուած իւրաքանչիւր քաղաքացիի բնակութեան վայրին մասին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ երկրին քաղաքական ուժերուն հիմնական հարցը այն է, որ անոնց համոզումով երկրին իշխանութիւնը իրենց սեփականութիւնն է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք չէ ուշանայ ազգային փրկութեան իր ծրագիրը գործադրելու:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ կառավարութիւնը կը փորձէ բուժել 30 տարուան տնտեսական եւ ելեւմտական կտակ մը:

ՏՆՏԵՍԱԳԷՏ Ուալիտ Ապու Սլէյման յայտնեց, որ Լիբանան խիստ կարիքը ունի արտաքին նիւթական օժանդակութիւններու: Ան ընդգծեց երկրին դրամատնային մարզին կառուցային վերակազմաւորման կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ նիւթական վնասները պէտք է արդար կերպով բաժնուին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մանսուր Պթէյշ կոչ ուղղեց պետական գանձարկղին մէջ արձանագրուած նիւթական բացին վերաբերեալ պաշտօնական բոլոր թիւերը բացայայտելու եւ թափանցիկութեամբ վարուելու` իբրեւ բարեկարգումի նախապայման:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Հասան Մըրատ հաստատեց, որ բոլոր քաղաքացիներն ու քաղաքական անձնաւորութիւնները պէտք է զօրակցին վարչապետ Հասսան Տիապին` պետութեան նկատմամբ վստահութիւնը վերականգնելու պայքարի շրջագիծին մէջ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի Թրիփոլիի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որ ցաւակցութիւն յայտնեց Ռիֆիին` անոր մօր մահուան առիթով:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի յայտարարութիւնը` վերջերս Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ չհանդիպելու իմաստով, ճիշդ է: «Սակայն առ ի յիշեցում կը հաստատեմ, որ սէյիտ Նասրալլայի հետ անոր հանդիպումը կրնայ օգտակար ըլլալ: Հետեւաբար անմիջական հերքումներու կարիք չկայ», ըսաւ ան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Մոնիքա Շմուցը, որուն հետ քննարկեց երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները:

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Անամօթ Առաջարկէ Մը Աւելին

Յաջորդը

Հըթթի ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Ներկայացուցիչին Հետ Քննարկեց «Քորոնա» Ժահրին Դիմադրելու Միջոցները

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ  Տնտեսական Եւ Առեւտրական  Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ Տնտեսական Եւ Առեւտրական Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»

January 10, 2026
Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ

January 10, 2026
Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման  Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը
Լիբանանեան

Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.