Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Այսօր Պահանջուածը Անյապաղ Բարեկարգումներն Են, Որոնք Տնտեսական Եւ Ելեւմտական Առումով Կ՛ամրապնդեն Երկրին Դիրքը»

March 10, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժարը, որուն հետ քննարկեց երկրին եւ նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Պըրրի ընդունեց նաեւ աշխատանքի նախարար Լամա Եամմինը, որմէ իմացաւ նախարարութեան աշխատանքային ծրագիրին մանրամասնութիւնները:

Միւս կողմէ, Պըրրի իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ հաստատեց, որ անցեալ շաբաթավերջին լիբանանցիներուն ուղղուած վարչապետ Հասսան Տիապի խօսքը դրական էր` աւելցնելով, որ ան կրնար աւելի մանրամասն ըլլալ ելեկտրականութեան թղթածրարին եւ անոր անյապաղ լուծման հարցով:

Պըրրի յայտնեց, որ եթէ իրերայաջորդ կառավարութիւնները նախապէս տնտեսական ու ելեւմտական տագնապի կանխարգիլման քայլերու դիմած ըլլային, ապա նման տագնապի դիմաց չէր գտնուեր երկիրը:

«Այսօր վարչապետ Տիապէն պահանջուածը անյապաղ բարեկարգումներն են, որոնք տնտեսական ու ելեւմտական առումով կ՛ամրապնդեն երկրին դիրքը եւ շօշափելի կը դառնան քաղաքացիներուն կողմէ: Եթէ այս բարեկարգումները մէկ կամ առաւելագոյնը մէկուկէս ամիսէն կարելի չըլլայ իրականացնել, ապա այս կացութիւնը կառավարութեան եւ ընդհանուր երկրին վրայ ժխտական հետեւանքներ պիտի ունենայ», ըսաւ Պըրրի:

Հոս պէտք է նշել, որ Պըրրիի ցուցմունքներով խորհրդարանը երէկ իր դռները փակ պահեց` յետաձգելով երեսփոխանական բոլոր յանձնախումբերուն եւ ենթայանձնախումբերուն նիստերը` իբրեւ նախազգուշութիւն «Քորոնա» ժահրի տարածումէն:

Պըրրիի որոշումին համաձայն, խորհրդարանը մէկ շաբթուան համար փակ պիտի մնայ, ինչպէս նաեւ չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումը պիտի ջնջուի:

 

Նախորդը

Հըթթի Ընդունեց Մարթինը Եւ Ստանձնեց «Քորոնա» Ժահրին Դիմադրելու Ֆրանսական Օժանդակութիւնները

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ուահապի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.