Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիատ Սալամէ Կը Յայտարարէ Լիբանանեան Ճարտարարուեստի Մարզին Տրամադրուելիք Մնայուն Օժանդակութիւններու Մասին

March 11, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ ճարտարարուեստի մարզին մէջ գործող այն գործարարները, որոնք Լիբանանի մէջ կը վաճառեն իրենց արտադրութիւնը եւ կ՛արտածեն զայն, մնայուն օժանդակութիւններու պիտի արժանանան:

Սալամէ նկատել տուաւ, որ այդ որոշումը տրուած է վարչապետ Հասսան Տիապի եւ ճարտարարուեստի նախարար Իմատ Հուպալլայի հետ համախոհութեամբ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Սալամէի որոշումը այն է, որ հիմնուի ֆոնտ մը, որուն կեդրոնը Եւրոպա ըլլայ, եւ որուն նպատակը ըլլայ լիբանանեան տնտեսական մարզին ծառայել` գործարարներուն ապահովելով դիւրութիւններ:

Ըստ հաղորդագրութեան, այդ դիւրութիւնները պիտի ապահովուին լիբանանեան դրամատուներուն, Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու ընկերակցութեան եւ ճարտարարուեստի նախարարութեան միջեւ գործակցութեամբ:

Ֆոնտի տնօրէնութեան պաշտօնը պիտի ստանձնէ Ալեքսանտր Հարքուս:

Կը նախատեսուի, որ ֆոնտին աշխատանքը սկսի ապրիլ 2020-ին:

Միւս կողմէ, լումայափոխներու սենտիքան յայտարարեց, որ պիտի որդեգրէ Ռիատ Սալամէի հրապարակած վերջին շրջաբերականը, որուն մէջ ամերիկեան տոլար գնելու լիբանանեան դրամանիշի սակը պիտի ըլլայ 2000 լ. ոսկի:

Ղազի Ուազնի. «Կեդրոնական Դրամատունը 22 Միլիառ Տոլար Ունի` Պահեստի Իր Հաշիւին Մէջ»

Ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատունը իր մօտ ունի 29 միլիառ տոլար, որոնցմէ իր պահեստի հաշիւը 22 միլիառ տոլար է, իսկ մնացեալ 7 միլիառ տոլարը դրամատուներուն կը պատկանի:

Ուազնի նկատել տուաւ, որ յառաջիկայ հինգ տարիներուն ընթացքին Լիբանան տարեկան 20-25 միլիառ տոլարի կարիք պիտի ունենայ, որպէսզի կարելի ըլլայ դրամատնային մարզը աշխուժացնել:

Կան նաեւ այլ ձեւեր, որոնց համաձայն դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողները կը վերածուին դրամատուներու գործընկերներուն կամ ամերիկեան տոլարով կարգ մը հաշիւներ ու գումարներ 5-6 տարուան համար կը սառեցուին:

 

 

Նախորդը

Ֆահմի Քիճիանի Հետ Քննարկեց «Քորոնա» Ժահրին Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Կ՛ընդգծէ Ելեւմտական Կացութիւնը Ամրապնդելու Եւ Երկրին Պարտքը Վերադասաւորելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.