Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Բողոքեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Մօտ` Իսրայէլեան Խախտումներուն Դէմ

Մարտ 7, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ բողոքեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մօտ` լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած իսրայէլեան խախտումներուն դէմ:

Այս շրջագիծին մէջ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, յատկապէս Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան հանդէպ ցուցաբերուած յանձնառութիւնը:

Նշենք, որ նախանցեալ օր լիբանանեան բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ չորս իսրայէլեան օդանաւեր Սայտայէն մինչեւ Թաննուրին թռիչքներ գործած են Լիբանանի վերեւ` խախտելով երկրին գերիշխանութիւնը:

Իր կարգին, հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ յայտնեց, որ իսրայէլեան օդուժին կողմէ Լիբանանի վերեւ թռիչքներ գործելը լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւն է եւ թիւ 1701 բանաձեւի խախտում:

Ան ընդգծեց, որ նման խախտումներ կը սպառնան հարաւի մէջ խաղաղութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը պահպանելու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու առաքելութեան: Ան կոչ ուղղեց իսրայէլեան ուժերուն` կասեցնելու իրենց ոտնձգութիւնները եւ յարգելու Լիբանանի գերիշխանութիւնը:

Հըթթի Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Նոր Նշանակուած Դեսպանը

Հըթթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած դեսպան Տորըթի Շիան, որմէ ստացաւ անոր հաւատարմագիրը:

Հըթթի Շիայի հետ ունեցաւ կէս ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Շիա հաստատեց, որ լիբանանեան օրինական հաստատութիւններուն, յատկապէս լիբանանեան բանակին նկատմամբ ամերիկեան զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը պիտի շարունակուի:

Կը նախատեսուի, որ Շիա դիւանագիտական իր փաստաթուղթերը յանձնէ նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին:

Միւս կողմէ, ամերիկեան դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Շիա դիւանագիտական մարզին մէջ 28 տարուան փորձառութիւն ունի:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ան Միացեալ Նահանգներու հանրապետութեան նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Լիբանանի դեսպան նշանակուած է 14 փետրուար 2020-ին:

Շիա նախապէս մաս կազմած է Գահիրէի մէջ ամերիկեան դեսպանատան անձնակազմին: 2014-2017 Երուսաղէմի մէջ եղած է ամերիկեան հիւպատոսարանի փոխնախագահ, իսկ 2011-2014 աշխատած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Ասիոյ եւ Մերձաւոր Արեւելքի յատուկ գաղթականներու գրասենեակին մէջ:

2006-2009 Թունուզի մէջ վարած է ամերիկեան դեսպանատան քաղաքական եւ տնտեսական հարցերու խորհրդատուի պաշտօն:

Շիա աւարտած է Միացեալ Նահանգներու «Նեշընըլ Ուոր քոլեճ»-ը` քաղաքացիական անվտանգութեան բաժանմունքէն, մագիստրոսի վկայականով: Անգլերէնի կողքին ան կը տիրապետէ նաեւ արաբերէնին եւ ֆրանսերէնին:

Պքերեքէի Մէջ

Հըթթի երէկ առաւօտեան այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Հանդիպումէն ետք Հըթթի յայտնեց, որ Լիբանան շատ վտանգաւոր տագնապ մը կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ երկիրը հարուածած տնտեսական-ելեւմտական այս տագնապը գոյութենական է եւ Լիբանանի կառավարութեան համար լուրջ մարտահրաւէրներու սպառնալիք:

Հըթթի հաստատեց, որ կարելի չէ Լիբանանի դէմ ծառացող այս մարտահրաւէրներուն հետ հեզասահ կերպով գործել` աւելցնելով, որ եթէ կարելի ըլլայ լիբանանեան ազգային  համախոհութիւն գոյացնել, ապա կարելի պիտի ըլլայ յաջողութիւն արձանագրել:

Հըթթի նշեց, որ Ռայի պատրիարքը կը զօրակցի կառավարութեան առած քայլերուն:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումին` Հըթթի յայտնեց, որ ժողովրդային շարժումի առաջարկներուն եւ տեսակէտներուն նկատմամբ բաց են եւ կը հաւատան, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական բազմազանութիւնը կարեւոր է եւ հարստութիւն մը:

Անդրադառնալով կարգ մը երկիրներ կատարած իր այցելութեան արդիւնքներուն, Հըթթի շեշտեց, որ թէ՛ Ֆրանսա այցելութիւնը եւ թէ՛ Արաբական լիկայի մէջ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդաժողովին իր կատարած այցելութիւնն ու մասնակցութիւնը եղած են դրական` աւելցնելով, որ բարեկամ երկիրներու կողմէ Լիբանանին օժանդակութիւններ պիտի կատարուին:

Հըթթի հաստատեց, որ իբրեւ կառավարութիւն ամէն ջանք ի գործ կը դնեն տագնապալի այս իրավիճակէն դուրս գալու:

 

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Այսօր Կը Ճշդէ «Եուրոպոնտ»-ի Բաժնետոմսերուն Առումով Լիբանանի Վերջնական Կեցուածքը

Յաջորդը

Համատ Հասան. «Քորոնա» Ժահրի Տարածումը Հակակշիռի Տակ Պահելու Փուլէն Անցած Ենք, Որովհետեւ Այդ Ժահրը Սկսած Է Տարածուիլ»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?