Լիբանանի կառավարութիւնը որոշեց առկախել «Եուրոպոնտ»-ի պարտատոմսերու նիւթական իր պարտաւորութիւնը եւ ուղղուիլ պարտքը վերադասաւորելու ընտրանքին:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ օր կէսօրուան ժամը 1:00-ին նախագահական պալատին մէջ նախագահեց ելեւմտական եւ տնտեսական իրավիճակին յատուկ կառավարութեան նիստին` ներկայութեամբ` վարչապետ Հասսան Տիապի:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ չներկայացուց կառավարութեան որոշումները, իսկ նախարարները ուղղուեցան վարչապետարան` ներկայ գտնուելու համար վարչապետ Տիապի կողմէ լիբանանցիներուն ուղղելիք պատկերասփռուած խօսքին:
Վարչապետ Տիապ երեկոյեան ժամը 6:30-ին արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ Լիբանան իր պատմութեան ամէնէն զգայուն փուլը կը դիմագրաւէ` նկատել տալով, որ երկիրը կը պայքարի իր ունեցած կամքին զօրութեամբ, որպէսզի Լիբանանը հարուածող հողմը զայն կուլ չտայ: «Իսկ լիբանանցիները ծանօթ են իբրեւ տագնապներուն յաղթող ժողովուրդ», ըսաւ ան:
Տիապ նշեց, որ այսօրուան գրաւը նոր անկախութիւն մը կերտելու եւ լիբանանցիներուն ներկային ու ապագային վրայ ճնշում բանեցնող թշնամիի մը դէմ ճակատելու լիբանանցիին կարողութեան վրայ է:
Վարչապետ Տիապ յայտնեց, որ լիբանանցիները դիմադրեցին գրաւագրութեան ու յաղթեցին, «իսկ մեր դիմագրաւած այսօրուան իրավիճակը դրսեւորումն է այն արտակարգ տագնապին, որ Լիբանանը կը զետեղէ անկիւնադարձի մը դիմաց: Կառավարութիւնը սերտեց տիրող կացութիւնը եւ պետութեան ելեւմտական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ այն ընտրանքները, որոնց որդեգրումը կարելի է` լուծելու համար այս խոր տագնապը, որ կը մարմնաւորուի պետական գանձարկղին նիւթական բացով», ըսաւ ան:
Վարչապետ Տիապ հաստատեց, որ 17 հոկտեմբերին բարձրացած բողոքի ձայնը շատ բարձր էր` պայքարելու փտածութեան, մսխումին եւ տնտեսական ու ելեւմտական խեղդող քաղաքականութեան եւ վատ տնօրինումին դէմ: «Անիկա կայծ մըն էր, որ լուսաւորեց փտածութեան եւ նիւթական պարտքն ու անոր տոկոսները կուտակելու քաղաքականութեան դէմ դնելու ուղին», ըսաւ ան:
Տիապ հարց տուաւ, թէ արդեօք այսօր Լիբանան ի վիճակի՞ է, որ անոր տնտեսութիւնը հիմնուի պարտքերու վրայ, երբ ան կը վճարէ որդեգրուած սխալ քաղաքականութեան գինը եւ անոր նիւթական պարտաւորութիւնը հասած է այն աստիճանի, որ ան չկարենայ զայն վճարել: «Իսկ լիբանանեան տնտեսութիւնը հիմնովին դարձած է այդ սխալ քաղաքականութեան գերին: Լիբանանցիներուն առօրեային մէջ կան անգործութեան, սղաճի, նիւթական դժուարութիւններու, տարրական կարիքներ հոգալու լեղի կացութիւններ ու հսկայ դժուարութիւններ», յայտնեց ան` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութեան նիւթական բացը 90 միլիառ տոլարի սահմանը անցած է, իսկ պահ դրուած գումարներուն նուազումը պատճառ դարձած է, որ լիբանանեան դրամանիշին վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցուի:
Վարչապետը նշեց, որ Միջազգային դրամատան արժեւորումով Լիբանանի բնակչութեան աւելի քան 40 առ հարիւրը աղքատ կրնայ նկատուիլ` տնտեսական ձախող քաղաքականութեան պատճառով: «Այսօրուան իրականութիւնը այն է, որ լիբանանեան պետական գանձարկղին մէջ մուտք նկատուող իւրաքանչիւր 1000 լ. ոսկիին կէսը` 500-ը պարտքին պէտք է տրամադրուի: Լիբանանի մէջ տիրող այս ընթացքը կարելի չէ նոյն ձեւով շարունակել, որովհետեւ ան կը գտնուի ամէնէն աւելի նիւթական պարտաւորութիւն ունեցող երկիր մը դառնալու սեմին` բաղդատած իր տնտեսութեան», ըսաւ ան:
Տիապ ընդգծեց, որ փտածութիւնը մաշեցուցած է պետութիւնը եւ սկսած է անամօթաբար ինքզինք պարտադրել պետական բոլոր մարզերուն մէջ եւ ընկերութեան մօտ: «Այսօր մենք կը գտնուինք 4,6 միլիառ տոլարի վճարումի մը սեմին, որ պէտք է կատարուի 2020-ին: Այդ վճարումին առաջին կէսը պէտք է կատարուի երկու օր ետք, եւ այս պարտաւորութեան դիմաց մենք կրնանք միայն պաշտպանել լիբանանցի ժողովուրդին եւ Լիբանանին շահերը, իսկ մեր ունեցած պահ դրուած գումարներուն պատկերը մեզի կը մղեն առկախելու 9 մարտին կատարուելիք «Եուրոպոնտ»-ի պարտատոմսերու նիւթական պարտաւորութիւնը: Այս որոշումը տալը դիւրին չէր, այլ` արդիւնք էր խոր քննարկումներու եւ ուսումնասիրութիւններու: Լիբանանի կատարելիք նիւթական այս պարտաւորութիւնը առկախելու ընտրանքը նաեւ պիտի ըլլայ առիթ մը` զուգահեռաբար սկսելու ամբողջական բարեկարգումներուն: Այս որոշումը կը բխի քաղաքացիներուն շահերուն նկատմամբ մեր յանձնառութենէն, ինչպէս նաեւ լիբանանցիները պաշտպանելու եւ անոնց արժանապատիւ կեանք մը ապահովելու լիբանանեան պետութեան կարողութիւնը վերահաստատելու մեր նախանձախնդրութենէն: Ինչպէ՞ս կրնանք
պարտատէրերուն վճարել, երբ լիբանանցիները իրենց գումարները չեն կրնար ստանալ դրամատուներէն, կամ չենք կրնար քաղաքացիներուն բժշկական խնամքը երաշխաւորել, եւ կամ երբ կան քաղաքացիներ, որոնք հացի դրամ չունին: Լիբանանեան պետութիւնը կարողութիւն չունի իր նիւթական պարտաւորութիւնը կատարելու եւ պիտի ուղղուի իր պարտքը վերադասաւորելու», հաստատեց Տիապ:
Վարչապետը ընդգծեց, որ պետական գանձարկղը հաւասարակշռելու նպատակը իրենց համար առաջնահերթութիւն է` դիտել տալով, որ կարելի չէ վաստակածէն աւելի ծախսել: Ան նշեց, որ բարեկարգումի ծրագիրը յաւելեալ մուտքեր պիտի ապահովէ առողջապահութեան եւ կրթութեան մարզերուն, ինչպէս նաեւ ենթակառոյցներուն:
«Խիստ կերպով պիտի պայքարինք պետութեան վճարուելիք հարկերէն փախուստ տուողներուն դէմ, ինչպէս նաեւ պիտի փորձենք ապահովութեան ցանց մը ստեղծել` համեստ դասակարգին համար: Սկսած ենք նաեւ մշակել փտածութեան դէմ պայքարելու ազգային ռազմավարութիւն մը, որուն համար գործող յանձնախումբը զայն մօտիկ ապագային լոյսին պիտի բերէ: Եւ նկատի ունենալով, որ թափանցիկութիւնը լաւագոյն ձեւն է` փտածութեան դէմ պայքարին, կառավարութիւնը ներկայացուց օրինագիծ մը, որուն հիման վրայ պիտի վերացուի դրամատնային գաղտնիութիւնը, ինչպէս նաեւ սկսաւ դատական իշխանութեան բարեկարգումի արշաւի մը: Այս միջոցառումները մեզի պիտի օժանդակեն եկամտաբեր տնտեսական համակարգը վերածելու արտադրողական տնտեսական համակարգի: Հետեւաբար վաղուան Լիբանանը պիտի հիմնուի ճարտարարուեստի, երկրագործութեան, արհեստագիտութեան, զբօսաշրջութեան եւ ծառայութիւններուն վրայ, իսկ մենք պիտի աշխատինք բարելաւել դրամատնային համակարգը», յայտնեց վարչապետը:
Տիապ ընդգծեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` պահպանելու համար դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողներուն գումարները, «յատկապէս փոքր հաշիւներ ունեցողներուն գումարները, որոնք հաշիւ ունեցողներուն 90 առ հարիւրը կը կազմեն», հաստատեց ան:
Վարչապետ Տիապ իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով, որ եթէ լիբանանցիները իրենց ազգային միասնականութեամբ զինուին եւ կեդրոնանան երկիրը փրկելու աշխատանքին վրայ, ապա անոնք հաստատ կերպով պիտի յաղթեն տագնապին եւ միասնաբար կերտեն աւելի հզօր եւ աւելի յաջող Լիբանան մը:
Պաապտայի Մէջ Ելեւմտական Հարցերու Յատուկ Նիստ
Միւս կողմէ, նախագահական պալատը շաբաթ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին հիւրընկալեց ելեւմտական հարցերու այլ նիստ մը, որուն նախագահեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն` ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Տիապի:
Նախքան նիստին գումարումը, իշխանութեան պետերը դռնփակ հանդիպումի մը ընթացքին քննարկեցին երկրին տնտեսական իրավիճակն ու արձանագրուած իրադարձութիւնները:
Նիստին ներկայ գտնուեցան նաեւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր, ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաուլ Նաամէ, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյր, նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր եւ տնտեսական խորհրդատուներ Շարպել Քըրտահի, Ահմետ Ժաշշի եւ Ժորժ Շալհուպ:
Քննարկուեցան «Եուրոպոնտ»-ի պարտատոմսերուն առումով լիբանանեան պետութեան նիւթական պարտաւորութիւնը կատարելու կամ չկատարելու իմաստով որդեգրուելիք միջոցառումները` դիմագրաւել կարենալու համար երկիրը հարուածող տնտեսական տագնապը:
Նիստէն ետք Անթուան Շքէյր յայտնեց, որ նիստին ընթացքին ներկայացուեցաւ Լիբանանի մէջ տիրող ելեւմտական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ վարչապետ Տիապի, Ռիատ Սալամէի ու Սելիմ Սֆէյրի եւ «Լազարտ», «Քլերի Կոթլիպ Սթին էնտ Հեմիլթըն» եւ «Հայկէյթ» տնտեսական ու ելեւմտական հարցերու օրինական խորհրդատուութեան հաստատութիւններու փորձագէտներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:
Նկատի ունենալով առկայ ընտրանքները` նիստին մասնակիցները միաձայնութեամբ որոշեցին զօրակցիլ կառավարութեան կողմէ երկրին նիւթական պարտաւորութեան իմաստով տրուելիք որեւէ որոշումի, բացի նիւթական պարտաւորութիւնը կատարելէ:
Նիստը ընդգծեց տնտեսական տագնապէն դուրս գալու իմաստով կառավարութեան կողմէ ամբողջական ծրագիր մը մշակելու կարեւորութիւնը` յորդորելով հիմնուիլ ելեւմտական, դրամատնային եւ վարչական բարեկարգումներու վրայ, ինչպէս նշուած է կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչ յայտնեց, որ վարչապետ Տիապի անկեղծ խօսքը, որ կը վերաբերի տնտեսական նախկին մոտելի ձախողութեան, երկրին տագնապը լուծելու ճամբան կը հարթէ:
Քիւպիչ կոչ ուղղեց պարտատէրերուն գործակցելու Լիբանանի կառավարութեան հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ վերադասաւորել երկրին նիւթական պարտաւորութիւնը եւ կանոնաւոր կերպով գործադրել զայն:
Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Դրամատուներու միութիւնը պատրաստ է օտար պարտատէրերուն հետ քննարկումներ կատարելու` վերադասաւորելու համար երկրին նիւթական պարտաւորութիւնը: Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, պարտատէր ընկերութիւնները դրական կերպով ընկալած են նիւթական պարտքը վերադասաւորելու որոշումը: