Լիբանանեան

Քիւպիչ Փոխանցեց ՄԱԿ-ի Պատրաստակամութիւնը` Լիբանանին Զօրակցելու

Քիւպիչ Փոխանցեց ՄԱԿ-ի Պատրաստակամութիւնը` Լիբանանին Զօրակցելու

Ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի երէկ, 20 մարտին, նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Քիւպիչ Լիբանանին, լիբանանցիներուն եւ Լիբանանի կառավարութեան զօրակցելու ՄԱԿ-ի պատրաստակամութիւնը փոխանցեց` յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տիրող այս դժուար պայմանները: Քննարկուեցան նաեւ ելեւմտական շարք մը հարցեր, կառավարութեան մշակելիք տնտեսական ամբողջական ծրագիրը, ինչպէս նաեւ «Քորոնա»...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 152-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 152-ի

«Քորոնա» ժահրով վարակուած առաջին պարագայի արձանագրութենէն ամիս մը ետք Լիբանանի մէջ այդ ժահրին դէմ պայքարը տակաւին կը շարունակուի եւ սկսած է աւելի խիստ թափ ստանալ: Իրարու հետ շփումներէ խուսափող քաղաքացիները կ՛անսան Լիբանանի կառավարութեան ընդհանուր զօրաշարժի կոչին եւ արտակարգ դրութեան պայմանները յարգելով կը մնան իրենց բնակարաններուն մէջ, իսկ տարբեր շրջաններու մէջ քաղաքապետութիւնները կը շարունակեն հականեխել փողոցներն ու կառոյցները, ինչպէս նաեւ հականեխիչ...

Կառավարութիւնը Որոշեց Օժանդակութիւններ Բաժնել Բոլոր Անոնց, Որոնք Աշխատանքէ Դադրեցան, Իսկ Նախարարները 100 Միլիոն Լ. Ոսկի Նուիրեցին «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարելու Համար Ստեղծուած Յատուկ Հաշիւին

Կառավարութիւնը Որոշեց Օժանդակութիւններ Բաժնել Բոլոր Անոնց, Որոնք Աշխատանքէ Դադրեցան, Իսկ Նախարարները 100 Միլիոն Լ. Ոսկի Նուիրեցին «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարելու Համար Ստեղծուած Յատուկ Հաշիւին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, նախագահական պալատին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին` ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի: Նիստին ընթացքին նախարարները օգտագործեցին ձեռնոցներ եւ դիմակներ, ինչպէս նաեւ յարգեցին իրարմէ մէկուկէս մեթր հեռու նստելու պարտաւորութիւնը, իբրեւ նախազգուշութիւն` «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու: Կառավարութիւնը քննարկեց 11 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որ կ՛ընդգրկէր դրամատնային արտակարգ եւ ժամանակաւոր քայլերու դիմել, ինչպէս` «Քեփիթըլ քոնթրոլ»,...

Ամեր Ֆախուրիի Ազատ Արձակումը  Դատապարտումի Կ՛արժանանայ

Ամեր Ֆախուրի Հասաւ Միացեալ Նահանգներ

Իսրայէլի հաշուոյն գործակալութիւն կատարած Ամեր Ֆախուրի, որ երկուշաբթի օր Զինուորական ատեանի նախագահին` դատաւոր Հիւսէյն Ապտալլայի վճիռով ազատ արձակուած էր, եւ որուն Լիբանանէն փախուստ տալուն մասին լուրեր շրջանառութեան մէջ էին, երէկ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն զինուորական ուղղաթիռով մը փոխադրուեցաւ Միացեալ Նահանգներ: Իր ձերբակալութեան եւ բանտարկութեան առաջին իսկ օրէն ամերիկեան իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուեցաւ ազատ արձակել ամերիկեան քաղաքացիութիւն ունեցող Ամեր Ֆախուրին եւ...

Հըթթի Զօրակցական Նամակ Մը Ստացաւ Կութիերեսէն

Հըթթի Զօրակցական Նամակ Մը Ստացաւ Կութիերեսէն

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որ յանձնեց Կութիերեսի նամակը: Հըթթիին յղուած նամակին մէջ Կութիերես Լիբանանի նկատմամբ ՄԱԿ-ի զօրակցութիւնը յայտնեց: Կութիերես շեշտեց, որ ՄԱԿ-ը նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին, անոր կառավարութեան եւ լիբանանցիներուն, յատկապէս Լիբանանի, շրջանին եւ աշխարհին դիմագրաւած ներկայ պայմաններուն մէջ:  

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Ընկերային Եւ Առողջապահական Զարգացումները

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Ընկերային Եւ Առողջապահական Զարգացումները

«Հզօր Լիբանան» համախմբումը երէկ գումարեց իր ելեկտրոնային առաջին նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց երկրին ընկերային եւ առողջապահական զարգացումները` «Քորոնա» ժահրի տարածման լոյսին տակ: Համախմբումը ընդգծեց այս փուլին ընթացքին ընկերային համախոհութեան կարեւորութիւնը` դիմադրել կարենալու համար աշխարհին սպառնացող այս վտանգին` «Քորոնա» ժահրի համաճարակին, որ կարիքը ունի կարելիութիւններու եւ կարիքներու, որոնք բոլորին ջանքերով պէտք է երաշխաւորուին: Համախմբումը անդրադարձաւ կառավարութեան կողմէ դրամատնային արտակարգ եւ ժամանակաւոր...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուած Քաղաքացի Մը Մահացաւ, Իսկ Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 133-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուած Քաղաքացի Մը Մահացաւ, Իսկ Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 133-ի

Հակառակ անոր որ լիբանանցիները կը հետեւին իրենց բնակարաններուն մէջ մնալու եւ անոնցմէ դուրս գալու կարելիութիւնները նուազեցնելու ցուցմունքներուն, բայց եւ այնպէս առողջապահութեան նախարարութիւնը դարձեալ կոչ ուղղեց անոնց` կառչած մնալու իր տուած որոշումներուն եւ բնակարանային մեկուսացման ենթարկուելու` տունէն դուրս ելլելու քայլը ձգելով միայն շատ կարեւոր պարագաներու: Լիբանանի մէջ «Քորոնա»  ժահրին պատճառով երէկ մահացաւ քաղաքացի մը, իսկ վարակուածներուն թիւը հասաւ 133-ի, այսինքն` երէկ...

Նախագահ Աուն Ֆահմիի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Ապահովական Իրավիճակը

Նախագահ Աուն Ֆահմիի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Ապահովական Իրավիճակը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մահմուտ Ֆահմին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կացութիւնն ու բանտերուն մէջ տիրող վիճակը` նկատի ունենալով Ռումիէի բանտին մէջ վերջերս արձանագրուած դէպքերը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ կառավարութեան կողմէ օր մը առաջ վաւերացուած այն օրինագիծը, որուն համաձայն, ներում կը շնորհուի այն բանտարկեալներուն,...

Ֆահմի Ամերիկացի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Ֆահմի Ամերիկացի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն այցելութիւնը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ համաշխարհային զարգացումները` յատկապէս «Քորոնա» ժահրի համաճարակին վերաբերող: Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանանի կառավարութեան կողմէ ի գործ դրուող ճիգեր` տնտեսական-ելեւմտական տագնապ լուծման առնչութեամբ: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լիբանանի...

Քիւպիչ Վերահաստատեց ՄԱԿ-ի Զօրակցութիւնը` Լիբանանի Տնտեսական Եւ Ընկերային Կայունութեան

Քիւպիչ Վերահաստատեց ՄԱԿ-ի Զօրակցութիւնը` Լիբանանի Տնտեսական Եւ Ընկերային Կայունութեան

Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի երէկ Մաժտալիունի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ «Քորոնա» ժահրին կապուած համաշխարհային ողբերգական զարգացումներն ու տարբեր երկիրներու, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի կողմէ այս ժահրին դէմ պայքարելու քայլերը: Այս շրջագիծին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրի վարակումին եւ անոր դէմ պայքարելու միջոցներուն:...

Լիբանան Կը Շարունակէ Ընդհանուր Զօրաշարժի  Դրութիւնը` Հակակշիռի Տակ Պահելով «Քորոնա»  Ժահրէն Վարակուածներու Պարագաները

Լիբանան Կը Շարունակէ Ընդհանուր Զօրաշարժի Դրութիւնը` Հակակշիռի Տակ Պահելով «Քորոնա» Ժահրէն Վարակուածներու Պարագաները

Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր զօրաշարժի մթնոլորտը կը շարունակէ պարտադրել ինքզինք: Իր առօրեայէն դժգոհ եւ իր «Քորոնա» ժահրով վարակուելու տիրական մտահոգութենէն տառապող լիբանանցին երէկ աւելի դիւրաւ շարունակեց մնալ իր բնակարանը` նկատի ունենալով անձրեւոտ եղանակը: Հակառակ «Քորոնա» ժահրին ստացած համաշխարհային համաճարակի կարգավիճակին, Լիբանանի մէջ կացութիւնը մնաց հակակշիռի տակ: «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը մնաց 120, ինչպէս որ էր նախանցեալ օր: Կէս գիշերին Լիբանանի...

Կառավարութիւնը Որոշեց Քաղաքապետարաններուն Մէջ  Տագնապի Յատուկ Բջիջներ Յառաջացնել`  Ընդառաջելու Համար Ժողովուրդին Պահանջներուն

Կառավարութիւնը Որոշեց Քաղաքապետարաններուն Մէջ Տագնապի Յատուկ Բջիջներ Յառաջացնել` Ընդառաջելու Համար Ժողովուրդին Պահանջներուն

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ելեւմտական եւ տնտեսական կացութեան վերաբերող զարգացումները: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ պաշտպանելու համար լիբանանցիները` առանց իր պարտականութիւններուն մէջ բացթողումներ արձանագրելու: Կառավարութեան գնահատումով ընդհանուր զօրաշարժի յայտարարութիւնը լիբանանցիներուն մօտ հանգստութիւն յառաջացուցած է:...

Ամեր Ֆախուրիի Ազատ Արձակումը  Դատապարտումի Կ՛արժանանայ

Ամեր Ֆախուրիի Ազատ Արձակումը Դատապարտումի Կ՛արժանանայ

Իսրայէլի հաշուոյն գործակալութիւն կատարած ըլլալու յանցանքով ամբաստանուած եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ ձերբակալուած Ամեր Ֆախուրի, որ ամիսներ առաջ Միացեալ Նահանգներէն եկած էր Լիբանան, նախանցեալ երեկոյեան ազատ արձակուեցաւ: Զինուորական ատեանի նախագահ գնդապետ Հիւսէյն Ապտալլա նախանցեալ օր արձակեց վճիռ մը, որուն հիման վրայ պէտք էր վերջ տրուէր այն հետապնդումներուն, որոնք կը վերաբերէին ձերբակալեալ Ամեր Ֆախուրիին` նկատի ունենալով լիբանանցի քաղաքացիներ առեւանգելու եւ...

Ռայի Պատրիարքը Քիւպիչի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Ռայի Պատրիարքը Քիւպիչի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս «Քորոնա» ժահրի համաճարակի վերածուելուն ստեղծելիք յաւելեալ հետեւանքները: Հանդիպումէն ետք Քիւպիչ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է լիբանանցիներուն դիմագրաւած շտապ մարտահրաւէրներն ու անոնց դէմ պայքարելու հեռանկարները: Ան նկատել տուաւ, որ քննարկած են նաեւ տնտեսական...

Լիբանանցիներուն Մեծամասնութիւնը Կ՛ընդառաջէ Ընդհանուր Զօրաշարժի Դրութեան

Լիբանանցիներուն Մեծամասնութիւնը Կ՛ընդառաջէ Ընդհանուր Զօրաշարժի Դրութեան

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 120-ի, Իսկ Վարակուածներու Շարքին Բուժուած Են 2 Պարագաներ Կառավարութեան յայտարարած առողջապահական արտակարգ վիճակն ու ընդհանուր զօրաշարժը արդէն իսկ սկսած է գործադրուիլ: Լիբանանցիներուն կողմէ այդ միջոցառումներուն ընդառաջումը շրջանէ շրջան կը տարուբերի, սակայն քաղաքացիները մեծաւ մասամբ կ՛ենթարկուին որդեգրուած այդ միջոցառումներուն: Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 120-ի: Իր կարգին,...

Նախագահ Աուն Հետեւեցաւ «Քորոնա» Ժահրին Դէմ  Պայքարելու Միջոցներու Կիրարկման Եղանակին`  Ընդգծելով Անոնց Գործադրութեան Կարեւորութիւնը

Նախագահ Աուն Հետեւեցաւ «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարելու Միջոցներու Կիրարկման Եղանակին` Ընդգծելով Անոնց Գործադրութեան Կարեւորութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ հետեւեցաւ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու միջոցներու կիրարկման եղանակին` ընդգծելով անոնց գործադրութեան կարեւորութիւնը: Նախագահ Աուն կարգ մը նախարարութիւններէն եւ խնդրոյ առարկայ ապահովական կառոյցներէն ստացաւ տեղեկագիրներ, որոնց մէջ նշուած էր նախարարաց խորհուրդի որոշումները գործադրելու կառչածութիւնը` Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու առումով: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ կառավարութեան որոշումները պէտք է գործադրուին, որպէսզի կարելի...

Վարչապետ Տիապ Հետեւեցաւ «Քորոնա» Ժահրի  Տարածումը Կանխարգիլելու  Յատուկ Յանձնախումբի Աշխատանքներուն

Վարչապետ Տիապ Հետեւեցաւ «Քորոնա» Ժահրի Տարածումը Կանխարգիլելու Յատուկ Յանձնախումբի Աշխատանքներուն

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ այցելեց վարչապետարանին մէջ ստեղծուած Ազգային շտապի գործողութիւններու յատուկ սենեակը, ուր ան ստուգեց տարուող աշխատանքները: «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու յատուկ յանձնախումբի նախագահ, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար դիմաւորեց վարչապետ Տիապը, որուն ներկայացուց շտապին գործադրած ծրագիրն ու աշխատանքները: Տիապ իր ցուցմունքները տուաւ յանձնախումբին` յատկապէս «Քորոնա» ժահրին վերաբերող բոլոր տեղեկութիւններուն հետեւելու առումով: Վարչապետ Տիապ ընդգծեց, որ...

Արդէն Իսկ Տիրող Առողջապահական Արտակարգ  Վիճակին Լոյսին Տակ` Կառավարութիւնը Որոշեց  Երկիրը Ընդհանուր Զօրաշարժի Ենթարկել

Արդէն Իսկ Տիրող Առողջապահական Արտակարգ Վիճակին Լոյսին Տակ` Կառավարութիւնը Որոշեց Երկիրը Ընդհանուր Զօրաշարժի Ենթարկել

Լիբանանցիները Պէտք Է Մնան Իրենց Բնակարաններուն Մէջ, Պէյրութի Միջազգային Օդակայանը Կը Փակուի, Իսկ Բաց Կը Մնան Միայն Սննդամթերքի Վաճառատուներն Ու Դեղարանները «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու նպատակով ամբողջ երկրի մակարդակին միջոցառումներու դիմելու նպատակով, նախագահական պալատը հիւրընկալեց շարք մը ժողովներ, որոնց ընթացքին տրուեցան որոշումներ: Այդ որոշումներուն կողքին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Հասսան Տիապ իրենց խօսքերը ուղղեցին լիբանանցիներուն` հաստատելով, որ...

Երեսփոխան Բագրատունի  Այցելեց Նախագահ Աունի

Երեսփոխան Բագրատունի Այցելեց Նախագահ Աունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ առաւօտեան այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ տնտեսական զարգացումներն ու ներկայ ելեւմտական տագնապը լուծելու իմաստով որդեգրուած միջոցները: «Քորոնա» Ժահրին Մասին ... Միւս կողմէ, «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու իմաստով, երեսփոխան Յ. Բագրատունի Դիմատետրի վրայ կատարած էր հետեւեալ գրառումը. «Կոչ կ՛ուղղեմ մեր հայրենակիցներուն...

Առողջապահութեան Նախարարը Հաւանական Կը Գտնէ  Առողջապահական Արտակարգ Վիճակ  Յայտարարելու Կարելիութիւնը

Առողջապահութեան Նախարարը Հաւանական Կը Գտնէ Առողջապահական Արտակարգ Վիճակ Յայտարարելու Կարելիութիւնը

«Քորոնա» Ժահրին Տարածումը Կանխարգիլելու Նպատակով Տարբեր Մարզերու Հաստատութիւններ Կը Փակեն Իրենց Դռները «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու եւ քաղաքացիներուն կողմէ նախազգուշութիւններու դիմելու առումով լիբանանեան տարբեր մարզերու հաստատութիւնները կը շարունակեն փակել իրենց դռները: Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասած է 78-ի: Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը  կրնայ...

Page 502 of 988 1 … 501 502 503 … 988

Արխիւներ