Ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի երէկ, 20 մարտին, նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Քիւպիչ Լիբանանին, լիբանանցիներուն եւ Լիբանանի կառավարութեան զօրակցելու ՄԱԿ-ի պատրաստակամութիւնը փոխանցեց` յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տիրող այս դժուար պայմանները:
Քննարկուեցան նաեւ ելեւմտական շարք մը հարցեր, կառավարութեան մշակելիք տնտեսական ամբողջական ծրագիրը, ինչպէս նաեւ «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու իմաստով որդեգրուած բոլոր քայլերը` լիբանանցիներուն առողջութիւնը պահպանելու նպատակով:



