Իսրայէլի հաշուոյն գործակալութիւն կատարած Ամեր Ֆախուրի, որ երկուշաբթի օր Զինուորական ատեանի նախագահին` դատաւոր Հիւսէյն Ապտալլայի վճիռով ազատ արձակուած էր, եւ որուն Լիբանանէն փախուստ տալուն մասին լուրեր շրջանառութեան մէջ էին, երէկ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն զինուորական ուղղաթիռով մը փոխադրուեցաւ Միացեալ Նահանգներ:
Իր ձերբակալութեան եւ բանտարկութեան առաջին իսկ օրէն ամերիկեան իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուեցաւ ազատ արձակել ամերիկեան քաղաքացիութիւն ունեցող Ամեր Ֆախուրին եւ զայն Միացեալ Նահանգներ ուղարկել:
Ի տես այս իրականութեան, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ հանդէս եկաւ մամլոյ ասուլիսով մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու համար ամերիկացի քաղաքացիին կեանքէն աւելի կարեւոր բան չկայ: «Այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Լիբանանի կառավարութեան` Ամեր Ֆախուրին ազատ արձակելու առումով անոր ցուցաբերած գործակցութեան համար», ըսաւ Թրամփ:
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ անցեալ սեպտեմբերէն ի վեր Լիբանանի մէջ արգելափակուած ամերիկացի քաղաքացի Ամեր Ֆախուրի արդէն իսկ վերադարձած է Միացեալ Նահանգներ: Ան աւելցուց, որ մօտիկ ապագային ան պիտի միանայ իր ընտանիքին եւ պիտի ստանայ անհրաժեշտ բժշկական հոգատարութիւնը:
«Ֆախուրիի վերադարձը հանգստութիւն կը պարգեւէ բոլոր անոնց, որոնք բծախնդրութեամբ հետեւեցան անոր ազատ արձակման թղթածրարին», ըսաւ Փոմփէօ:
Միւս կողմէ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Պլոքը խստիւ դատապարտեց Ֆախուրիի ազատ արձակումը:
«Զինուորական ատեանի նախագահին ու անոր անդամներուն կողմէ ամերիկեան վարչակազմին պահանջներուն ենթարկուիլը` իր ազգի դահիճին եւ թշնամիի սպասարկողին ազատ արձակումին իմաստով, բացարձակապէս մերժելի է, ի՛նչ ալ ըլլան արդարացումներն ու պատճառաբանութիւնները: Քաղաքական այս վճիռին պատճառով լիբանանցիներուն արժանապատուութիւնը վիրաւորուած է», նշեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը:



