
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որ յանձնեց Կութիերեսի նամակը:
Հըթթիին յղուած նամակին մէջ Կութիերես Լիբանանի նկատմամբ ՄԱԿ-ի զօրակցութիւնը յայտնեց:
Կութիերես շեշտեց, որ ՄԱԿ-ը նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին, անոր կառավարութեան եւ լիբանանցիներուն, յատկապէս Լիբանանի, շրջանին եւ աշխարհին դիմագրաւած ներկայ պայմաններուն մէջ:


